image

Նիւ Եորքի մէջ. Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս.ի այցը՝ Յունաց Առաջնորդին

  Նիւ Եորքի մէջ. Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս.ի այցը՝ Յունաց Առաջնորդին

Օրերս, Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ վրդ. Պարսամեան այցելած է Յունաց Առաջնորդ՝ Էլփիտոֆորոս Արքեպիսկոպոսին։ 

 

«Արեւելք» այս մասին տեղեկացաւ Թեմի պաշտօնական էջէն, ուր Առաջնորդ Սրբազանը գրառած է հետեւեալը՝

Երէկ այցելեցի Ամերիկայի Յունաց Առաջնորդ՝ Նորին Սրբութիւն Էլփիտոֆորոս Արքեպիսկոպոսին։ Այս իւրայատուկ այցը հիանալի հնարաւորութիւն մըն էր Սուրբ Ծննդեան եւ Նոր Տարուան ողջոյնները փոխանակելու համար, որ հինէն մեզի հասած եւ յարգուած աւանդութիւն մըն է, որ արտացոլումն է իրարու նկատմամբ մեր ունեցած խոր, եղբայրական յարգանքին:

Նման հանդիպումներ վառ ձեւով մեզ կը յիշեցնեն այն տիեզերական հոգին, որ մեզ իրարու կը կապէ՝ գերազանցելով տարբերութիւնները եւ մէկզմէկու աւանդութիւնները աւելի խոր ձեւով ըմբռնելու: