Կը շարունակուի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պաշտօնական այցը Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութիւն: Նոր վարչական քաղաքին մէջ կայացած է վարչապետ Փաշինեանի հանդիպումը Եգիպտոսի վարչապետ Մուսթաֆա Մատպուլի հետ:
Վերջինս ողջունած է վարչապետի այցը նոր կառուցուող վարչական քաղաք եւ ընդգծած Հայաստան-Եգիպտոս բազմաոլորտ համագործակցութեան կարեւորութիւնը: Մուսթաֆա Մատպուլը շեշտած է երկու երկիրներու միջեւ առկայ բազմադարեայ խոր պատմական յարաբերութիւններու փաստը եւ աւելցուցած, որ Եգիպտոսի հայ համայնքը համախմբուած կերպով կ՚ապրի եգիպտական հասարակութեան մէջ՝ առանց որեւէ խնդրի: Պարոն Մատպուլը նշած է ՀՀ վարչապետի արդիւնաւէտ հանդիպումները երկրի նախագահի, գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներու հետ`տնտեսական կապերու ամրապնդման ու առաջմղման նպատակով: Միաժամանակ, Մուսթաֆա Մատպուլը շնորհակալութիւն յայտնած է ՀՀ կառավարութեան՝ Եգիպտոս-ԵԱՏՄ համագործակցութեան զարգացման նպաստելու գործին համար:
Վարչապետ Փաշինեանը շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ հիւրընկալութեան համար եւ աւելցուցած, որ Եգիպտոսի նախագահի հետ ունեցած են արդիւնաւէտ քննարկումներ: Նիկոլ Փաշինեանը յոյս յայտնած է, որ իր պաշտօնական այցի արդիւնքներով երկկողմ գերազանց քաղաքական յարաբերութիւններուն զուգահեռ պիտի խորանայ նաեւ տնտեսական փոխգործակցութիւնը: Այս առումով, վարչապետը կարեւորած է նաեւ գործարարներու հետ ունեցած հանդիպումը: Միաժամանակ, ընդգծուած է յառաջիկային Հայաստան-Եգիպտոս միջկառավարական համագործակցութեան յանձնաժողովի նիստի ու ատոր զուգահեռ գործարար համաժողովի կայացումը, որու ընթացքին պիտի ներկայացուին նաեւ ներդրումային տարբեր առաջարկութիւններ: Վարչապետ Փաշինեանը կարեւորած է նաեւ Եգիպտոսի աջակցութիւնը աշխարհաքաղաքական հարցերու մէջ` Հայաստանէն Կազա մարդասիրական օգնութիւն ուղարկելու հարցով:
Հանդիպման զրուցակիցները քննարկած են առեւտրաշրջանառութեան ընդլայնման, ներդրումային ծրագրերու իրականացման հնարաւորութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Եգիպտոսի հրապարակներէն մէկը պիտի անուանակոչուի Հայաստանի անունով
Մուսթաֆա Մատպուլը շնորհակալութիւն յայտնած է հայկական կողմին` Երեւանի հրապարակներէն մէկը Եգիպտոսի անունով անուանակոչելու համար եւ աւելցուցած, որ եգիպտական կողմը մայրաքաղաքի հրապարակներէն մէկը պիտի անուանակոչէ Հայաստանի անունով:
Միտքեր փոխանակուած են նաեւ Եգիպտոսի նոր վարչական քաղաքի, ինչպէս նաև Հայաստանի մէջ Ակադեմիական քաղաքի շինարարական գործընթացին վերաբերող հարցերու շուրջ:
Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է Հայաստան-Եգիպտոս միջկառավարական յանձնաժողովի նիստ եւ գործարար ֆորումը կայացնել յառաջիկայ ամիսներու ընթացքին: