image

Ներսէս Եպիսկոպոս Դանիէլեանց (Սսական Վարդապետ)

Ներսէս Եպիսկոպոս Դանիէլեանց (Սսական Վարդապետ)

Աւազանի անունով Գէորգ: Ծնած է 16 մայիս 1868-ին Զէյթունի մօտակայք գտնուող Մարաշ (Եարփուզ) գիւղին մէջ, քահանայի ընտանիքի մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ալփիստանի Ազգային վարժարանէն ներս:

1883-ին ընդունուած է Սիսի Մայրավանքի դպրանոց: Երկու տարի ուսանելէ ետք, ղրկուած է Կոստանդնուպոլսոյ Սամաթիայի Սահակեան վարժարան, նկատի ունենալով իր գերեզանց յառաջդիմութիւնն ու խոստմնալից աշակերտ մը ըլլալը:

Ուսանիլը աւարտելէ ետք, 1889-ին Մկրտիչ Եպիսկոպոս Վեհապետեանի հրաւէրով, ուսուցչութիւն ըրած է Ատանայի Ազգային վարժարանէն ներս:

1890-ին Վեհապետեան Եպիսկոպոսին ձեռամբ օծ-ւած է կուսակրօն քահանայ ու ստացած վարդապետական աստիճան:

1890-1895 տարիներուն վարած է Անտիոքի առաջնորդական փոխանորդութիւնը:

Հոկտեմբեր, 1892-ին, Մկրտիչ Ա. Քէֆսիզեան Կաթողիկոսը զինք Երուսաղէմ ղրկած է՝ շնորհաւորելու Խրիմեանի կաթողիկոս ընտրութիւնը եւ խնդրելու, որ բանտարկուած հայ երեք եպիսկոպոսներու ազատման հարցով ան բանակցի Սուլթան Ապտիւլհամիտի հետ:

1896-ի Զէյթունի ապստամբութեան գործօն դերակատարներէն մէկը եղած է, ինչ բանի պատճառով նոյն տարւոյն 1 յուլիսին ձերբակալուած է Համիտեան կառավարութեան կողմէ, եւ իր հոգեւոր ծնող՝ Վեհապետեան Եպիսկոպոսին հետ Հալէպ աքսորուած է: Եօթ ամիս բանտարկուած մնալէ ետք, ազատ արձակուած է եւ վերադարձած է Անտիոք: Սակայն, 15 մայիս 1897-ին դարձեալ աքսորուած է, այս անգամ՝ Դամասկոս: Պոլսոյ պատրիարք՝ Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեանի երաշխաւորութեամբ սակայն, 15 սեպտեմբերին մեկնած է դէպի Պոլիս, ուր հասած է նոյն ամսուն 21-ին:

Սկզբնական շրջանին Պալաթի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ քարոզիչ նշանակուած է: Ապա, անցած է Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցի, ուր արժանացած է ժողովուրդի սիրոյն ու յարգանքին: Իբրեւ քարոզիչ տասն տարի ծառայած է Ս. Կարապետ եկեղեցիէն ներս: Միաժամանակ, 1898-ին եղած է պատրիարք հօր անձնական քարտուղարը: Զբաղուած է նաեւ ուսուցչութեամբ՝ Սկիւրտարի Ներսիսեան, Ս. Խաչ, Գատըգիւղի Արամեան վարժարաններէն եւ Ս. Յակոբի որբանոցէն ներս:

Պոլիս եղած ժամանակաշրջանին, միշտ ոստիկանական հսկողութեան տակ եղած է եւ լրտեսներու կողմէ միշտ հետապնդուած: Այդ ընթացքին երեք անգամ ձերբակալուած է: Առաջինը 8 յուլիս 1905-ին, տարուած է Եըլտըզ, ուր երեք օր պահուած է եւ հարցաքննուելէ ետք ազատ արձակուած:

1907-ին Կիլիկիոյ Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոսի եւ Մաղաքիա Պատրիարքի ազդու դիմումներուն արդիւնքով, արտօնուած է իրեն Սիս երթալ, պայմանով վանքէն դուրս չգալ: Նոյն թուականին, Սահակ Կաթողիկոսը զինք Սիսի վարժարանին տեսուչ նշանակած է եւ պաշտօնավարած է միայն մէկ տարի, մինչեւ սեպտեմբեր 1908-ը:

1909-ին հրաւիրուած է ժամանակաւոր կերպով ստանձնելու Հաճնի առաջնորդութիւնը: Նոյն տարուան գարնան սակայն, սկիզբ առած են Կիլիկիայի դէպքերը: Իր կոչերով, տեղի հայերը ինքնապաշտպանութեան դիմած են՝ այդպիսով մեծաւ մասամբ փրկուած: Նոյն տարուան ընթացքին ձերբակալուած է, որպէս Հաճնի ինքնապաշտպանութիւնը կազմակերպողներէն մէկը եւ Մարաշի զինուորական ատեանին կողմէ դատապարտուած է կախաղանի. երեք ամիս բանտարկուելէ ետք սակայն, ազատ արձակուած է: Ապա վերադարձած է Հաճն եւ լծուած է օգնութիւն ցուցաբերել տուժածներուն: Շուտով սակայն ստիպուած է ձգել Հաճնի առաջնորդի իր պաշտօնը:

1910-ին ստանձնած է Ատանայի առաջնորդութիւնը: Մէկ տարի ետք առողջական խնդիրներու պատճառով հեռացած է Ատանայի առաջնորդի իր պաշտօնէն: Քայքայուած առողջութիւնը վերականգնելու համար մեկնած է Պէյրութ:

28 մարտ 1911-ին, Սահակ Բ. Կաթողիկոսի ձեռամբ օծուած է եպիսկոպոս, Խորէն Ծայրագոյն Վարդապետ Դիմաքսեանի եւ Հրանտ Ծայրագոյն Վարդապետ Կարոյեանի հետ:

17 հոկտեմբեր 1911-ին անցած է Հալէպ եւ ստանձնած առաջնորդական տեղապահի պաշտօնը: Կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին զարկ տուած է կրթական կառոյցներու ստեղծումին եւ երիտասարդներուն ազգային ոգիով դաստիարակելու գործին: Սակայն, կարճ ժամանակ ետք Հալէպէն հեռացած է, թերեւս համայնքային տարաձայնութիւններու պատճառով:

Օգոստոս 1914-ին Եոզղատի առաջնորդ ընտրուած է: Տեղի հայութիւնը մեծ ոգեւորութեամբ ընդունած են զինք: Եոզղատ հասնելուն պէս՝ նոյն տարուան աշնանը, անմիջապէս լծուած է աշխատանքի, զարկ տալով դպրոցներու բարեկարգումին: Իր ծառայութեան առաջին տարին չլրացած, սկիզբ առած են ապրիլեան համատարած դէպքերը եւ ալիքը շուտով հասած է նաեւ Եոզղատ:

23 յուլիս 1915-ին, բանտարկած են զինք: Երեք օր բանտ մնալէ ետք, 26 յուլիսին շուրջ 500 հոգինոց խումբի մը հետ (կազմուած եկեղեցականներէ, ուսուցիչներէ եւ նշանաւոր վաճառականներէ) աքսորուած է քաղաքէն, Սեբաստիոյ նահանգի կուսակալ՝ Ճեմալի հրամանով: Ներսէս Եպսկ. Դանիէլեանցը Եոզղատի վերջին առաջնորդը եղած է:

Սիրուած ուսուցիչ մը եղած է գրեթէ իր բոլոր աշակերտներուն կողմէ: Ատոր վկայութիւնը կու տայ Արամեան վարժարանի իր աշակերտներէն մէկը, յետագային եկեղեցական՝ Արտաւազդ Արք. Սիւրմէեան, որ գրած է. «Անկարելի է մոռնալ այդ հոգեսէր, խնկաբոյր, երիտասարդ հոգեւորականը, խարտեաշահեր դէմքով, ցցուած այտոսկրներով եւ պայծառ աչքերով մեր նոր վարդապետը, որ առաջին իսկ հանդիպումէն տպաւորած էր ու սկսեր էինք սիրել զինք ու օգտուիլ իր հայրական խրատներէն: Յոգնած ու տառապած մէկն էր կարծես, որ տարիներ վերջ կը տեղեկանայինք, որ ան շատ հեռուներէն՝ Կ.Պոլիս տարագրուեր էր, ու իբր յեղափոխական ճանչցուած էր» (տե՛ս Ներսէս Եպսկ. Դանիէլեանց (Սսական Վարդ.), «Կաթիլ մը ջուր այրած սրտերու», էջ 14):

Ներսէս Եպիսկոպոս Դանիէլեանցը հակառակ իր դաժանակիր տարիներուն, իր ունեցած դժուար ու ծանր կեանքին, հովուական ծանրաբեռնուած պարտականութիւններուն, ժամանակ գտած է նաեւ գրելու: Խրիմեան Հայրիկի գրական ոճին հետեւող մը եղած է: Վերջինէս ստացած է «Սսական Վարդ» ծածկանունը, ինչպէս նաեւ Խրիմեանը անոր շնորհած է ականակուռ լանջախաչ, գնահատելով իր նուիրուածութիւնն ու ծառայասիրութիւնը: Ան տարբեր ծածկանուններով աշխատակցած է Պոլսոյ եւ Իզմիրի թերթերուն, հրապարակելով բանաստեղծութիւններ, կրօնագիտական, պատմագիտական եւ քարոզխօսական եւ կրօնաբարոյական յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ:

Ներսէս Եպիսկոպոսի գրիչին կը պատկանի «Կեանքը առանց հաւատքի» քարոզգիրքը, որ առաջին անգամ հրատարակուած է 1903-ին, Վիեննա, իսկ երկրորդ անգամ լոյս տեսած է Ս. Էջմիածին, 2018-ին, Արթիւր Սրկ. Գէորգեանի պատրաստութեամբ: Նաեւ Դանիէլեանցի գրիչին կը պատկանի «Կաթիլ մը ջուր այրած սրտերու» գիրքը, որ հրատարակուած է 1912-ին:

Ներսէս Եպիսկոպոսէն նաեւ մեզի մնացած են անտիպ աշխատանքներ. «Կեանքը առանց յոյսի եւ առանց սիրոյ»: «Կաթողիկոսութիւն Հայոց Կիլիկիոյ»: «Կիլիկիոյ հայոց գաւառաբարբառը»: «Արիւնոտ ծրար»: «Սրտի սփոփանք»: «Վերջին Լեւոնի ողբերգը» (Թէոդիկ, Ամէնուն տարեցոյցը, էջ 118-119):

Պոլսոյ Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Նարոյեանը անոր գրական վաստակին անդրադառնալով, այսպէս գրած է. «Բանաստեղծ հոգի եւ փափուկ սիրտ, որուն ոգելից գրուածքները միշտ պիտի պահեն իրենց թարմութիւնն ու հրապոյրը» (Թէոդիկ, Յուշարձան նահատակ մտաւորականութեան, էջ 141):

***

Այժմ մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք փունջ մը մտածումներ Ներսէս Եպիսկոպոս Դանիէլեանցէն:

Այսպէս.

• Աւետարանի մասին կը գրէ.

- Աւետարանը, սակայն, միշտ նոյն գիրքն, միեւնոյն թարմութիւնը, միեւնոյն հրապոյրն ունեցող անսպառ ներշնչարան մը. ան է ու պիտի ըլլայ յաւէտ նոր կեանքի, նոր կորովի, նոր յուսոյ ու յաւիտենական սիրոյ վառարան մը, որ միշտ պիտի բոցավառի անկործան հաւատքի մը ատրուշանին մէջ: Այդ յաւիտենական ու տիեզերական գիրքը՝ կեանքի՛ գիրքը պիտի ըլլայ ու մնայ մարդուն՝ որչափ այն ապրի աշխարհի վրայ:

Կարդացէ՛ք այդ գիրքը, անոր ոգին եւ ոչ գիրը. որով միայն պիտի կրնաք ապրիլ ճշմարիտ կեանքը, որ անկէ կը ծնի:

- Քանի՞ անգամ կարդացած ես զայն [Աւետարանը] ծայրէ ի ծայր. գիտե՞ս եւ կրցա՞ծ ես ըմբռնել անոր ոգին, անոր հոգեկան վսեմ ներշնչումները: Ա՜հ կեանքի գիրքն է ան, սրտին նուիրական մատեանը, հոգիներու անբիծ հայելին: Բոլոր այն գիրքերը, զորս մարդուն իմաստուն միտքը, սուր ու յստակ գաղափարները յղացած ու արտադրած են, չե՞ն կրեր իրենց վրայ մարդու մտքին տկարութեան դրոշմը. Աւետարանը, սակայն, այն գիրքն է, որուն վրայ դրոշմուած է միայն աստուածային յայտնութեան մը լայն ու խորին իմաստութիւնը:

• Պատանիներուն եւ երիտասարդներուն ուղղելով իր խօսքը, կ՚ըսէ.

- Ջանացէք մաքուր նկարագիր մը շինել ձեր մանուկ կեանքին մէջ, ստախօսութենէ միշտ զգուշացէք. այն՝ մարդոց կեանքն ու բարոյականը աւրող, զինքը ստորնացնող գլխաւոր ու ամենամեծ մեղքն է. շատախօսութիւն, զրպարտութիւն մի՛ ընէք ձեր ընկերներուն մասին, այդ տեսակ վարմունքը՝ ձեզ ատելի պիտի ընէ ո՛չ միայն ձեր հասակակիցներուն, այլեւ ապագային մեծ չարախօսողներ, զրպարտիչներ պիտի ճանչցուիք. լաւ գիտնալու էք, որ ստախօսները, զրպարտիչները մարդոց քով, ընտանիքներու մէջ եւ ո՛չ մէկ տեղ ո՛չ վարկ ունին եւ ո՛չ պատիւ:

• Վիշտի մասին կը գրէ.

- Վեհ եւ ազնիւ հոգիներն են որ թէեւ վիշտի եւ տառապանքի բոցին մէջ կ՚իյնան կ՚այրին, կը գալարուին, բայց չեն մոխրանար, չեն փճանար, ընդհակառակը ա՛լ աւելի գեղեցիկ, ա՛լ աւելի հրապուրիչ ու պայծառ երեւան կու գան կեանքի թատերաբեմին վրայ: Անոնք իրենց վիրաւոր հոգին լուացին վիշտի կրակէ աւազանին մէջ. մաքրուեցան արցունքի գետերուն մէջ իբր ձիւնասպիտակ աղաւնիներ:

Վիշտը չի կրնար սրտին փուշը ըլլալ, որքան ալ իր առաջին թափին մէջ այնպէս երեւի կամ կարծուի:

Որո՞նց պատմութիւնն է որ մարդկութեան սրտի սրբազան տաճարին մէջ տեղ մը ունի, չէ՞ որ անոնցը միայն՝ որոնք վշտի շապիկն են հագեր մահուան պատանքէն առաջ եւ ապա պատմուճանը անմահութեան:

Վիշտի մէջ ա՛լ աւելի մեծ է մարդ քան հաճոյքի կամ ուրախութեան, տառապանքի, եւ կսկիծներու կեանքէն է որ կը ծնի ամենէն վսեմ ամենէն բարձր կեանքը. անձնասպանները պարզապէս կեանքի կռիւին դասալիքներն են հոգիի մեծութեան դէմ մեղանչող:

Մարդ պէտք է արիաբար կուրծք տայ տառապանքներուն եւ վշտերու հարուածներուն ինքը պէտք է յաղթէ անոնց քան յաղթուի անոնցմէ։

Բոլոր մեծ հոգիները անցեր են վշտի փշոտ ճամբաներէն. վիշտն է որ վեր կը հանէ մեր արժէքները, անով կը յայտնուի մեր նկարագրին ազնուութիւնը, մեր հաւատքին մեծութիւնը եւ ուժը, անով կը չափուին մեր բոլոր բարոյական արժանիքները:

Մի՛ սոսկար, մի՛ զարհուրիր վիշտէն, մի՛ մերժեր զայն, մի՛ գանգատիր անկէ, ան պէտք է փորձէ քեզ, պէտք է արիացնէ քեզ, պիտի գեղեցկացնէ հոգիդ, ան պիտի յայտնէ ներքին բարոյական մարդուդ իսկութիւնն ու արժանիքը:

• Հայ ժողովուրդը կազմող երրորդութեան՝ Տուն, Դպրոց, Եկեղեցի, մասին, կը գրէ.

- Անցեալին տխո՜ւր փորձառութիւնովն ալ չէ՞նք համոզուած, թէ մեր հայ ժողովուրդին գոյութեան երրորդութիւնը կազմող սրբավայրերն եղած են եւ են ցարդ՝ Տունը, Դպրոցը եւ Եկեղեցին: Տուներու մէջ ծնողներէն շատեր՝ բոլորովին անփոյթ եւ անտարբեր ըլլալէ զատ իրենց զաւակներուն հոգեկան եւ բարոյական զարգացման մասին, չեն ալ քաշուիր նոյն իսկ անոնց ներկայութիւնը կրօնի եւ հաւատքի նկատմամբ յայտնել այնպիսի արտառոց գաղափարներ (ինչ որ իրենց ունայնամտութիւնը կը յատկանշէ), որոնք կրնան թունաւորել ան անմեղ փոքրիկներու ականջներն ու սրտերը, աւրել, աւրշտկել անոնց նկարագիրը, մեռցնելով միանգամայն անոնց մէջ ոչ միայն իրենց ծնողաց նկատմամբ ունեցած պատասխանատուութեան ու յարգանաց զգացումը, այլ եւ ամենանուիրական սրբութեանց հանդէպ պատկառ կենալու պատկառանքի ոգին:

Մեր վարժարաններու մէջ, քիչ բացառութեամբ, գրեթէ անուանական դարձեր են մեր ապագայ սերունդին սիրտը շինող եւ հոգին ազնուացնող բարոյական գիտութեան դասերը: Եթէ արտաքին գիտութիւնը մտքին եւ իմացականութեան սնունդն ու կեանքն է, միթէ նոյնը չէ՞ եւ աւելի՝ հոգեկան ու բարոյական դաստիարակութիւնն ալ սրտին համար. չէ՞ մի, որ սրտի եւ մտքի զուգընթաց դաստիարակութիւնն է, որ բուն իրական եւ ճշմարիտ կեանքը կը կազմէ, կը շինէ մարդուն մէջ:

Իսկ մենք՝ եկեղեցականներս, որ աս հոգեկան գործին մէջ պատասխանատուութեան մեծ բաժին մ՚ունինք, դեռ հիմնովին չենք կրցեր ըմբռնել մեր սրբազան կոչման բուն նպատակն ու բարձրութիւնը. մեր պաշտօնին վեհութիւնն ու վսեմութիւնը: Կը կարդանք շարունակ մեծ Վարդապետին սկզբունքները, որոնք սիրոյ, անձնուիրութեան ու ճշմարտութեան վրայ հիմնուած են, գիրն է, որ, սակայն, կը կարդանք եւ ոչ թէ անոր ոգին: Կը կարդանք առանց զգալու եւ զգացնելու. մանաւանդ մեր առտնին հովիւները, մեր քահանայ եղբայրները, որոնք աւելի կը սիրեն մաշտոցով գործել, քան Աւետարանով: Մենք՝ եկեղեցականներս, շատ պարագաներու մէջ կ՚ուզենք ու կ՚աշխատինք միամիտ ժողովուրդին ուղեղը թմրեցնել խունկին ծխովն ու մուխովը՝ զայն տիրացու ապուշներ ընելու աստիճան, որպէս զի անոր հաւատքը շահագործենք, մինչ պէտք էր բանալ անոր մտքին ու հոգիին աչքերը ինքնաճանաչութեան ու ճշմարտութեան լոյսովը, որ Աւետարանի սրտէն կը ճառագայթէ, պէտք էր ցոլացնել անոր ներքին կեանքին մթութեան մէջ հաւատքի, սիրոյ եւ յուսոյ անստուեր ցոլմունքը, ներշնչել անոր կրօնի փրկարար եւ մխիթարիչ ոգին, որով մարդ կրնայ ապրիլ աս վշտի կեանքը՝ ձախորդութեան մէջ անընկճելի, տառապանքներու հանդէպ մխիթարուած ու մահուան դէմ անվեհեր. վերջապէս պէտք էր ու պէտք է վառել, հրահրել ժողովուրդին թմրած սրտին եւ հոգիին մէջ սիրոյ ու հաւատքի բոցը. պէտք է շինել, կանգնել անոր կեանքին մէջ արդարութեան, սրբութեան ու ճշմարտութեան տաճարը, ուր սիրոյ Աստուածը կը պաշտուի միայն:

Մենք, սակայն, հիմակուան եկեղեցականներս, քիչ բացառութիւնով, պարզապէս մեռելաթաղներ դարձեր ենք ու սեւազգեստ յուղարկաւորները հայ ժողովուրդին. հովուական պաշտօններէն խոյս տուող եկեղեցականներու չէ՞ք հանդիպած Պոլսոյ մէջ, որ ինքզինքնին հիւանդ ու անկարող կը ձեւացնեն, մինչ անդին ամենայն եռանդով ու փութկոտութիւնով կը վազվզեն կնունքէն պսակին, պսակէն մեռելին:

• Ներելը տկարութիւն կարծողներու մասին կը գրէ.

- Քրիստոնէութիւնը ներելով կը պատժէ զանոնք, որ կը կարծեն, թէ տկարութեան նշան մըն է ներելը, մինչ անոր զօրութիւնը տկարութեան մէջն է, որ կը յայտնուի, եւ նոյն իսկ անոր անկումները հոգեւոր բարձրութիւններ են: Ներելով պատժելը, մարդը ուղղել, ճշմարտութիւնը, ուղղութիւնը ճանչցնել ըսել է. ներելն այնպիսի փրկարար դաստիարակութիւն մըն է, որ մսէն աւելի սիրտն ու զգացումները կը ծեծէ. վրէժխնդրութիւնը չի կրնար արդարանալ սիրոյ եւ ներման պատուէրին առջեւ: Քրիստոնէական սկզբունքն է՝ սուրին տեղ ներում քարոզել ու ազդել մարդու սրտին, ոչ թէ երկիւղի եւ ստրկութեան կամ համակերպութեան սաստը, այլ սիրոյ, ներման եւ ազատութեան ոգին, որ ամէն յառաջդիմութեան եւ երջանկութեան աղբիւրն է:

Ուր որ է այդ սէը, հո՛ն է երկինքն ու բուն կեանքը, ուր որ չկայ Այն՝ հո՛ն է մահն ու դժոխքը:

• Տէր Յիսուս տագնապներու մասին՝ զոր Գեթսեմանիի մէջ ունեցաւ, կը գրէ.

- Տագնապներուդ ահաւոր գիշերը ծնաւ կեանք մը մարդուն համար, որ այլեւս չի վախնար մահուան գիշերներէն. գերեզմանդ անմահութեան դուռը բացաւ: Վերջապէս մարդը հասկցաւ նիւթական եւ բարոյական կեանքին մահն ու անկումը, բարձրութիւնն ու յարութիւնը: Դու սորվեցուցիր մեզ այն գործնական սքանչելի դասը, թէ մարդիկ ինչպէս կրնան յաղթել չարին, թէ ինչ է սրտերու եւ զգացումներու տիրելու գաղտնիքը: Ա՜հ, նպատակդ սուրբ, խորհուրդներդ խորին, բայց ոչ գաղտնիք մը, վասնզի քրիստոնէութիւնը լոյս է, յայտնութիւնը ճշմարտութեան. գործերդ պաշտելի են ու պիտի մնան, նոյնիսկ յետագայ մարդկային լուսամիտ սերունդներուն համար:

Քու կրօնքդ՝ լուսոյ, սիրոյ եւ ճշմարտութեան կրօնքն է. միթէ մարդիկ պէտք չունի՞ն ու չպիտի՞ ունենան այդ կրօնքին. ո՞վ կրնայ ուրանալ, թէ միտքն առանց լոյսի, սիրտն առանց սիրոյ եւ հոգին առանց ճշմարտութեան կրնան ապրիլ: Դու եղար լոյսը մեր մտքին, անմահութիւնը մեր կեանքին, սէրը մեր սրտին, ճշմարտութիւնը մեր հոգիներուն. քու մահուանդ ահաւոր գիշերը ծնաւ անմահութեան առաւօտը: Քանի մը ժամուան քստմնելի չարչարանքովդ Աստուածութեանդ թագաւորութիւնը հիմնեցիր, ու անարգուած քառաթեւ խաչափայտդ եղաւ այն մեծ խորհրդանշանը, որով չափել փորձեցին անոպայ մարդիկ սրտիդ աստուածային անչափ սիրոյ լայնութիւնն ու խորութիւնը, մեծութիւնն ու բարձրութիւնը. քու յաղթական խաչի կարմիր դրօշին վրայ աստուածային մատուըներովդ գրեցիր սէր, խաղաղութիւն եւ հաւասարութիւն: Ա՜հ, երջանիկ պիտի ըլլայ աշխարհ, ու պիտի փոխուի ճակատագիրը մարդուն, երբ կարենայ կարդալ այս նուիրական երեք բառերը եւ գործադրէ զանոնք. որչա՜փ չարիքներ պիտի անհետին, որքա՜ն խաչեր պիտի թեթեւնան մեր ուսերէն, եթէ միայն՝ երբ երկնային թագաւորութեան Երրորդութիւնը տիրէ, տիրապետէ մեր կեանքին, մեր սրտին եւ հոգեկան զգացմանց վրայ:

• Ներքին՝ սիրտի փոփոխութեան մասին, կը գրէ.

- Ի՞նչ կ՚արժէ բնութեան եւ Աստուծոյ տաճարին ծաղկազարդուիլն ու փոփոխութիւնները, մինչ դու չես զգար փոփոխութիւն մը քու մէջդ հոգեպէս եւ սիրտդ իբր ամայի անապատ մը կը մնայ թափուր, ուր չճառագայթեր, չի ցոլանար սէրը սրբացնող ու աստուածացնող. քննէ՛, քննէ՛ սիրտդ, թէ կա՞յ հոն անցք մը այդ երկնային սիրոյ համար, թէ՞ սառ անտարբերութեան, սառ ձմեռը կը տիրէ հոն. ինքնամփոփ մտածէ, թէ հոգեկան կեանքդ կը զգա՞յ իր մէջ սիրոյ գարունը, թէ հոն կը բողբոջե՞ն առաքինութեան, սրբութեան եւ արդարութեան ծաղիկներ, յիշէ հոգեկան կեանքիդ վիճակը, երբ արտաքին բնութիւնը կը պճնազարդի աչքերուդ հանդէպ եւ օրուան տպաւորութիւնը կը պատկերացնէ մտքիդ մէջ քու ապրած քրիստոնէական կեանքդ:

• Մարդու եսակեդրոն դառնալու մասին, կը գրէ.

- Մարդը բանական եւ ասուն, դարձեր է անբան անասուն, որ կ՚ապրի եսին կոյր կիրքովը, քան կշռուած կամքով մը: Իր մէջ հաճոյքի երկրաքարշ բնազդն ունի, քան գիտակցութեան կամ ինքնաճանաչութեան ազդակը, բթացած, բրտացած են բանականութեան այս զգացողութիւնները, որ ազնիւ, ճշմարիտ ու բարի մարդը կը կազմեն:

• Յաջողութեան հասնելու երկու պայման կու տայ, այսպէս.

- Պատիւն ու վստահութիւնը՝ յաջողելու էական պայմաններն են, նոյնիսկ հացի, փառքի ու դիրքի համար մղուած կռիւներուն մէջ: Ստութեամբ ու խարդախութեամբ դիզուած հարստութիւնը ձիւնի կոյտերուն կը նմանի, որ իսկոյն կը հալի, կ՚անհետի ճշմարտութեան արեւուն հանդէպ. խարդախութեամբ վաստակուած պատիւն ալ բարոյական կեանքի սեւ բիծն ու անարգանքն է:

Յ.Գ. Արթիւր Սրկ. Գէորգեանի երկրորդ անգամ հրատարակութեան պատրաստած Դանիէլեանց Եպիսկոպոսի «Կեանքը առանց հաւատքի» քարոզգիրքի մասին օրին կատարած ենք գրախաօսական մը, որ լոյս տեսած է թերթիս 28 նոյեմբեր 2019-ի թիւին մէջ: Փափաքողները կրնան թուային տարբերակը գտնել ու կարդալ զայն:

 

Վարանդ Քորթմոսեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

Վարանդ Քորթմոսեան

Վարանդ Քորթմոսեան

Վարանդ (Յակոբ) Քորթմոսեան։ Ծնած է Սուրիա, Քես...