«Սեւ ոսկի»ին գինը արագ աճած է` յաջորդ շաբաթ Ռուսաստանի կողմէ Ուքրանիա հաւանական ներխուժման մասին տեղեկութիւններու լոյսին տակ: Նաւթի գիները հասած են 2014 թուականէն ի վեր առաւելագոյն ցուցանիշի:
Այսպիսով, Brent տեսակի նաւթի ապրիլեան ֆիւչերսներու գինը լոնտոնեան ICE պոսրսային մէջ բարձրացած է 4,29%-ով` հասնելով մէկ տակառին դիմաց 95,33 տոլարի: Վերջին անգամ Brent-ի գինը գերազանցած էր 95 տոլարը 2014 թուականի Հոկտեմբերին:
WTI նաւթի մարտեան ֆիւչերսներու արժէքը բարձրացած է 5,01%-ով` հասնելով մէկ տակառին դիմաց 94,38 տոլարի: