image

Նաթանիահուն յանձնարարած է իսրայէլեան բանտերու մէջ հազարաւոր նոր տեղեր պատրաստել

Նաթանիահուն յանձնարարած է իսրայէլեան բանտերու մէջ հազարաւոր նոր տեղեր պատրաստել

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն կառավարութեան յանձնարարած է հազարաւոր նոր կալանաւորներու եւ բանտարկեալներու համար տեղեր պատրաստել իսրայէլեան բանտերուն մէջ, յայտնած է վարչապետի աշխատակազմի մամուլի ծառայութիւնը։

Ըստ The Times of Israel-ի՝ պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ շարժման հետ պատերազմի մեկնարկէն ի վեր Իսրայէլը ձերբակալած է ահաբեկչութեան մէջ կասկածուող մօտ 4 հազար պաղեստինցի՝ մեծ մասը Կազայի հատուածին մէջ։

Նաթանիահուն համապատասխան յանձնարարականներ տուած է Իսրայէլի բանակի եւ անվտանգութեան ծառայութեան հետ հանդիպման ժամանակ։

Միջնախարարական հանդիպման ժամանակ իշխանութիւնները եկած են այն եզրակացութեան, որ Կազայի հատուածին մէջ եւ Յորդանան գետի Արեւմտեան ափին հազարաւոր կասկածեալներ եւ զինեալներ պիտի ձերբակալուին մէկ տարուան ընթացքին:Սա պիտի յանգեցնէ իսրայէլեան բանտերու մէջ տարածքի սղութեան, եթէ նախապէս նոր տեղեր չյատկացուին: