Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն վերադարձած է Կազայի մէջ հրադադարի բանակցութիւններու իր «խուսափողական մօտեցման», որ կը խոչընդոտէ բանակցութիւնները։ Այս մասին յայտնած է Al-Araby Al-Jadeed-ը՝ վկայակոչելով Եգիպտոսի աղբիւրը։
Նաթանիահուն ներկայացուցած է պահանջներու նոր ցանկ, որ կը ներառէ փոփոխութիւններ այն բանտարկեալներուն, որոնց Իսրայէլը կ՚ուզէ ազատ արձակել, ինչպէս նաեւ լրացուցիչ պայմաններ՝ առաջարկուող համաձայնագրի այս փուլին բանակի դուրսբերման ժամկէտներու առնչութեամբ։
Ան աւելցուցած է, որ բանակցութիւնները «շատ լաւ կ՚ընթանան» մինչեւ Իսրայէլի կողմէ կատարուած վերջին փոփոխութիւնները։