Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն ժամանած է Թել Աւիւի դատարան՝ ցուցմունք տալու կաշառակերութեան, խարդախութեան եւ հանրային վստահութեան չարաշահման գործերով, որոնց մէջ ներգրաւուած է որպէս մեղադրեալ, յայտնած է Times of Israel-ը:
Անվտանգութեան նկատառումներէ ելլելով՝ լսումները տեղի կ՚ունենան Թել-Աւիւի Եաֆֆայի շրջանային դատարանի ստորգետնեայ դահլիճին մէջ:
Վերջին ամիսներուն Նաթանիահուն բազմիցս փորձած է յետաձգել ցուցմունք տալը, սակայն սպառելով բոլոր հնարաւորութիւնները՝ ստիպուած եղած է ներկայանալ դատարան: Ան կը հերքէ իրեն առաջադրուած խարդախութեան, վստահութեան չարաշահման եւ ամենալուրջը՝ կաշառակերութեան մեղադրանքները: