«ՎԵՏՕ» նախաձեռնութեան հիմնադիր Նարեկ Մալեանն արդարացուած է յանցակազմի բացակայութեան հիմքով. անոր նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոցը վերացուեցաւ։
Աւան-Նոր-Նորք առաջին ատեանի դատարանին մէջ, 30 յունիսին, հրապարակուեցաւ «Չաուշեսքուի» գործ անուանումն ստացած դատական գործով վճիռը։
Դատարանը արդարացուց հանրային գործիչ Նարեկ Մալեանը՝ ճանչնալով եւ հռչակելով անոր անմեղութիւնը՝ յանցակազմի բացակայութեան հիմքով։ Դատարանը վերացուց նաեւ անոր նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոցը։
Դատարանի վճիռը դահլիճին մէջ ներկաներն ընդունեցին ծափահարութիւններով։
Վճիռը ենթակայ է բողոքարկման մէկ ամսուան ընթացքին։
Յիշեցնենք, որ Նարեկ Մալեանը կը մեղադրուի Ազատութեան հրապարակին մէջ «Չաուշեսքուի գնդակահարութիւնը կամ մահ դաւաճաններին» ֆութուրիստական ներկայացումը բեմադրելու համար։ Անոր մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 226.2 յօդուածով (Բռնութիւն գործադրելու հրապարակային կոչերը, բռնութիւնը հրապարակայնօրէն արդարացնելը կամ քարոզելը)։