Փետրուար 4-ին պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը շարունակած է առանձնազրոյցները ՊՆ N ուսումնական զօրամասի սպայակազմի հետ:
Քննարկուած են ԶՈւ արդիականացման հեռանկարները, զօրքերու մարտունակութեան բարձրացման, մարտական պատրաստութեան աստիճանի ամրապնդմանն առնչուող շարք մը հարցեր: Նախարարը սպաներու հետ զրուցած է նաեւ անոնց ընկերային-կենցաղային հարցերու շուրջ:
Յիշեցնենք, որ այս շաբաթ մեկնարկած է պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի շրջայցերը ՊՆ բոլոր զօրամիաւորումներ ու զօրամասեր։
Այցերու նպատակն է տեղւոյն վրայ ծանօթանալ ծառայութեան կազմակերպման ընթացքին, զինծառայողներու կարգպահութեան եւ բարոյահոգեբանական վիճակին, ընկերային-կենցաղային պայմաններուն, առաջնագծի կահաւորմանն ու իրականացուող շինարարական աշխատանքներու ընթացքին։