Լրատուամիջոցներու տրամադրութեան ներքոյ յայտնուած տեսաձայնագրութեան համաձայն, ԱՄՆ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ՝ 2021 թուականին պաշտօնը թողելէ ետք, քննարկած է խիստ գաղտնի փաստաթուղթեր, ուր արտացոլուած եղած են Իրանի վրայ յարձակելու ծրագրեր: Այս մասին գրած է «Ամերիկայի ձայնը»։
Դաշնային դատախազներու՝ անցած ամիս հրապարակած մեղադրական եզրակացութեան մէջ հատուածներ են այդ զրոյցէն։ Ըստ իրաւապահներու, Թրամփ ապօրինի կերպով իր մօտ պահած է պետական գաղտնի փաստաթուղթերը, այնուհետեւ՝ փորձած է խոչընդոտել հետաքննութիւնը:
«CNN»-ը, «The Washington Post-ն ու «The New York Times»-ը երկուշաբթի հրապարակած են տեսաձայնագրութիւն, ուր Թրամփ յղում կատարած է զեկոյցներուն, թէ ԱՄՆ Զինուած ուժերու շտաբներու պետերու միացեալ կոմիտէի նախագահ զօրավար Մարք Միլլին իր մտահոգութիւնը յայտնած է, որ պարտուելով 2020 թուականի նախագահական ընտրութիւններուն՝ Թրամփ բախում կը հրահրէ Իրանի հետ:
«Միլլիի հետ կապուած, թոյլ տուէք ձեզի օրինակ մը ցոյց տալ», - ձայնագրութեան մէջ ըսած է Թրամփ․ լսելի է թուղթերու ձայնը: «Ան կ'ըսէ, թէ ես կ'ուզեմ յարձակիլ Իրանի վրայ: Զարմանալի է չէ՞։ Ես ունիմ թուղթերու մեծ կոյտ մը․ ասոնք նոր եկան: Տեսէ՛ք: Սա ձայնագրութենէն դուրս է, բայց անոնք ինծի ներկայացուցին: Պաշտպանութեան նախարարութիւնն էր եւ ան»:
«Սա կ'օգնէ որ լիովին յաղթէ իմ գործը, գիտէ՞ք»,- աւելցուցած է Թրամփ: «Բացի այն, որ սա խիստ գաղտնի տեղեկատւութիւն է»: