image

Նախագահ Պաշշար Ասատի լուսանկարը՝ Մէրալ Աքշէնարի ելոյթի ժամանակ

Նախագահ Պաշշար Ասատի  լուսանկարը՝  Մէրալ  Աքշէնարի ելոյթի  ժամանակ

Թուրքիոյ ընդդիմադիր «Լաւ» կուսակցութեան   առաջնորդ Մէրալ Աքշէնար,կուսակցութեան հիմնադրման չորրորդ տարեդարձի կապակցութեամբ իր ելոյթի ժամանակ,ներկայացուցած է  իրենց կուսակցութեան  կողմէ մշակուած Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան հայեցակարգը։ 

 Ան խոստացած է, որ իր կուսակցութիւնը եթէ իշխանութեան գայ պիտի կառուցէ,նոր քաղաքականութիւն,տարբեր Էրտողանի քաղաքականութիւնէն, որ հիմնուած պիտի ըլլայ ոչ թէ թշնամիներ,այլ բարեկամներ շահելու սկզբունքին վրայ:Ուշագրաւ էր, որ Աքշէնարի ելոյթի ընթացքին ցուցադրուած է Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատի լուսանկարը, շարք մը հզօր երկիրներու ղեկավարներու կողքին:

Լուրը՝ «Լաթաքիոյ ձայն»  կայքէն։