image

«Նախ Ատրպէյճանը» Էրտողան Փաշինեանի հետ եղած հանդիպման փակագիծներ բացած է

«Նախ Ատրպէյճանը» Էրտողան Փաշինեանի հետ եղած  հանդիպման փակագիծներ բացած է

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան, մեկնաբանելով Հայաստանի հետ երկխօսութիւնը, նշած է, որ Անգարան կը ձգտի ընդլայնել «բարեկամներու, եւ ոչ թէ թշնամիներու շրջանակը»։ Այս մասին գրած է «Անատոլու» գործակալութիւնը:

«Երեւանի քայլերը Պաքուի նկատմամբ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենան մեր քայլերուն վրայ»,- ըսած է Թուրքիոյ ղեկավարը, աւելցնելով, որ Թուրքիան Հայաստանէն դրական քայլեր կ'ակնկալէ տարածաշրջանին մէջ։

«Հայկական սփիւռքը՝ ըլլայ Ֆրանսայի, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ, դէմ է (Թուրքիա-Հայաստան) երկխօսութեան, որ բացասաբար կ'անդրադառնայ գործընթացի վրայ։ Այս պահուն մենք բաւարար քայլեր չենք տեսներ Երեւանի կողմէ Անգարայի եւ Պաքուի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով»,- ըսած է ան։

Թուրքիոյ նախագահը վերյիշած է Փրակի մէջ Հայաստանի վարչապետի հետ հանդիպումը.«Ես անոր (Փաշինեանին) պարզ եւ յստակ փոխանցեցի Անգարայի դիրքորոշումը Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ Հայաստանի երկխօսութիւններու փոխկապակցուածութեան վերաբերեալ։ Երեւանէն կ'ակնկալենք արդիւնաւէտ քայլեր: Այս պահուն ես չեմ կրնար ըսել (կարգաւորման) որեւէ մակարդակի հասնելու մասին։ Միայն Հայաստանը կրնայ իրավիճակը փոխել դրական ուղղութեամբ եւ նուազագոյնի հասցնել սփիւռքի քայլերէն բխող բացասականը»,-ըսած է Էրտողան։