image

Նահատակուած զինուորին ընտանիքը բնակարանով պիտի օժտուի

Նահատակուած զինուորին ընտանիքը բնակարանով պիտի օժտուի

Օրերս Հայաստանի Մասիս շրջանին մէջ Արցախեան վերջին պատերազմին ընթացքին նահատակուած զինծառայողի մը բնակարանի հարցը լուծում պիտի ստանայ։ 

 

 

 Այս մասին  «Արեւելք»-ին  յայտնեց Երեւանի մեր թղթակիցը։ Նշենք, որ  նախաձեռնութիւնը կը պատկանի ամերիկահայ գործիչ բժիշկ ՝ Վաչէ Վասիլեանին, որ մասնաւորապէս վերջին տարիներուն կարեւոր գործունէութիւն կը ծաւալէ եւ ամերիկացի բժիշկներու հետ համատեղ հայրենիք կը ժամանէ եւ երեւելի բժշկական օժանդակութիւններ կը հասցընէ Հայաստանի տարբեր շրջաններուն։

 

 Շուրջ ամիս մը առաջ Վասիլեան բնակարանի խնդրով խօսած էր «Արեւելք»ին ու մասնաւորապէս ըսած՝ «Հայաստան գտնուած ժամանակս նաեւ զոհուած զինուորի մը ընտանիքին ծանր վիճակին մասին լսեցի, հայրը զոհուած, մայրը 2 անգամ կաթուած տարած, 6 երեխայ ունի, որոնցմէ ամէնէն մեծը 13 տարեկան է, նաեւ կնոջ աներհայրն ու աներմայրը, ընդհանուր 9 հոգիէ բաղկացած ընտանիքը կ'ապրի մէկ սենեակի մէջ, փլատակ խոհանոցով, երբ այցելեցի ընտանիքին, այրիին խոստացայ, որ տան հարցով կը փորձենք օգտակար դառնալ, որովհետեւ այդ տան մէջ ապրիլը կարելի չէ։ Ամերիկա հասնելէս ետք պրն. հիւպատոսին հետ խորհրդակցելով, եւ շնորհիւ Ֆրեզնոյի Հ.Մ.Ը.Մ. «Սասուն» մասնաճիւղին, այդ գումարը հաւաքեցինք եւ մօտ օրէն այդ ընտանիքին 4 սենեականոց տուն մը պիտի ապահովենք Մասիս շրջանին մէջ»։

 



 Լուսանկարին մէջ  Վասիլեանի հարազատ ընկերներէն ՝ Սագօ Տաղտիվէրեան (որ աշխոյժ կերպով կը մասնակցի    սոյն ծրագրի  յաջողութեան համար տարուած  աշխատանքներուն)  եւ նահատուած զինուորի ընտանիքին անդամները։