image

Մոսկուայի օդակայաններուն մէջ մօտ 200 թռիչք յետաձգուած եւ չեղարկուած է

Մոսկուայի օդակայաններուն մէջ մօտ 200 թռիչք յետաձգուած եւ չեղարկուած է

Յետաձգուած եւ չեղարկուած թռիչքներու թիւը Մոսկուայի օդակայաններուն մէջ մօտեցած Է 200-ի: Ամենաշատ թռիչքները (84) չեղարկուած են «Տոմատետովօ»-ի մէջ, եւս 8-ը` յետաձգուած են: 51 թռիչք չեղարկուած եւ 18 հատ յետաձգուած Է «Շերեմեթեւօ»-ի մէջ, 17 չեղարկուած եւ 16 յետաձգուած են «Վնուքովօ»-ի մէջ:

Հիմնականին մէջ թռիչքները կը յետաձգուին եւ կը չեղարկուին հարաւային տարածաշրջաններու, ինչպէս նաեւ Մերձսեւծովեան ռուսական ու արտասահանեան ուղղութեամբ: Անոնց շարքին են` Վոլկոկրատի, Տոնի Ռոսթովի, Մինուոտի, Անափայի, Նախիջեւանի, Պոլիսի եւ Խուրկատայի օդակայանները:

Աւելի վաղ «Ռոսաւիացիա»ն հաղորդած է մինչեւ Մարտ 2 Ռուսաստանի հարաւը 12 օդակայաններու աշխատանքի դադրեցման մասին: