Մոսկուայի կեդրոնին` Քոմսոմոլսքի պողոտային մէջ, հայազգի գործարար մը սպաննուած է: Ըստ Ռուսիոյ Քննչական կոմիտէին` Յունիս 2-ի երեկոյեան Քոմսոմոլսքի պողոտայի բնակելի շէնքի բակին մէջ յայտնաբերուած է 1960-ի ծնունդ տղամարդու մը դին` հրազէնային վնասուածքներով: Պարզուած է, որ սպաննուածը գործարար Յովհաննէս Քամարեանն է:
Զոհին դարանակալած է վարձու մարդասպանը. 25-ամեայ երիտասարդը ետեւէն վազած է զոհին ուղղութեամբ եւ խլացուցիչով ատրճանակով կրակած է անոր գլխուն: Քամարեանը այդ պահուն եղած է 22-ամեայ աղջկայ հետ:
Բացի այդ, տեղեկութիւններ կան առ այն, որ Քամարեանը Հայաստանի մէջ հետախուզման մէջ էր: Ըստ որոշ տեղեկութիւններու` ան կատարած է ծանր յանցագործութիւն: