Մոսկուայի մէջ ձերբակալուած է Միհրան Պօղոսեանը

Մոսկուայի մէջ ձերբակալուած է Միհրան Պօղոսեանը

Մոսկուայի մէջ ձերբակալուած է Հայաստանի Հարկադիր կատարման ծառայութեան նախկին պետ Միհրան Պօղոսեանը։ Այս մասին յայտնած է Mash թելեկրամեան ալիքը՝ յիշեցնելով, որ Պօղոսեանի նկատմամբ Հայաստանի մէջ հետախուզում յայտարարուած է:

Mash-ի տեղեկութիւններով՝ Պօղոսեանին երէկ կէսօրին Տվերսքայա փողոցին մէջ կանգնեցուցած են ճանապարհային ոստիկանութեան աշխատակիցները։ Անոր մօտ եղած է փախստականի վկայական։ Նշուած է, որ Պօղոսեանը ձերբակալելու մասին արդէն տեղեկացուցած են Հայաստանի ոստիկանութեան կեդրոնական գրասենեակ, յառաջիկային ան պիտի արտայանձնուի։ Ընդ որում, ռուսական կողմը նախապէս մերժած է Պօղոսեանը հայրենիք արտահանձնելու խնդրանքը։

Տեղեկութիւնը յայտնած է նաեւ «Սփութնիք» գործակալութեան հայկական ծառայութիւնը:

Մինչդեռ ՀՀ Դատախազութենէն նշած են, որ այս փուլին չեն մեկնաբաներ տեղեկութիւնը: