Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 6 մարտին ըսած է, որ «Պաքուի եւ Մոսկուայի յարաբերութիւնները որակապէս նոր մակարդակի հասած են»։
«Մենք պահպանած ենք այն բոլոր լաւ բաները, որոնք տասնամեակներ շարունակ միաւորած են մեր ժողովուրդները, եւ անկախ այն հասարակական-քաղաքական կազմաւորումէն, որուն մէջ մենք փոխգործակցած ենք, մեր ժողովուրդներու միջեւ բարեկամական կապերը միշտ հանդիսացած են միջպետական յարաբերութիւններու հիմքը։ Եւ այսօր, երբ միջպետական յարաբերութիւնները թէ՛ ձեւով, թէ՛ բովանդակութեամբ որակապէս նոր մակարդակի հասած են, բնականաբար, ատոր կ՚աջակցին նաեւ մեր երկիրներու հասարակութիւնները»,- ըսած է Ալիեւ՝ Պաքուի մէջ ընդունած է Ռուսիոյ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինը։
«Մեր դաշնակցային փոխգործակցութիւնը պիտի ամրապնդուի՝ ի շահ մեր երկիրներու եւ ժողովուրդներու։ Այդ նաեւ կարեւոր գործօն է տարածաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան համար»,-ըսած է Ալիեւ։