23 մայիսին Ռուսիոյ մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած է եռակողմ աշխատանքային խումբի հաւաքը՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ փոխվարչապետներ Մհեր Գրիգորեանի, Շահին Մուսթաֆաեւի եւ Ալեքսէյ Օվերչուքի գլխաւորութեամբ։ Անոնք անգամ մը եւս փորձած են շարժել տարածաշրջանի տնտեսական եւ փոխադրային կապերու ապաշրջափակման գործընթացը, գրած է kommersant.ru-ն:
Պաքուի համար սկզբունքօրէն կարեւոր է «երկիրը միաւորել»՝ Հայաստանի տարածքով ամուր նիւթատեխնիկական կապ հաստատելով իր արտագաւառի՝ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան հետ։ Ըստ պարբերականին՝ Մոսկուայի բանակցութիւններու վերջնական փուլը պէտք է ըլլայ եռակողմ գագաթնաժողովը, որուն կը մասնակցին Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ առաջնորդներ՝ Իլհամ Ալիեւ, Նիկոլ Փաշինեան եւ Վլատիմիր Փութին։ Գագաթնաժողովի ի արդիւնք, ինչպէս կ'ակնկալէ Մոսկուան, պէտք է առնուազն երկու փաստաթուղթ ընդունուի։
Այդ փաստաթուղթերու համակարգումը, ըստ kommersant.ru-ին, տեւած է 24 մայիսի ողջ օրը։ Մէկը պատրաստած են փոխվարչապետները՝ փոխադրային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման մասին, իսկ միւսը պիտի ըլլայ Ալիեւի, Փաշինեանի եւ Փութինի հինգերորդ համատեղ յայտարարութիւնը, յղկուած երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններու կողմէ։