Ռուսիան, Հայաստանն ու Ատրպէյճանը «արտատարածքային միջանցքի» ստեղծման հարց չեն քննարկեր, չէ՞ որ ճանապարհներ բանալ կամ կառուցել կարելի է միայն այն ժամանակ, երբ կողմերը յստակ որոշեն երկիրներու միջեւ սահմանը հատելու ու այդ ճանապարհներու երթուղիներու իրաւական ռեժիմը։ Կարեւոր է, որ բանակցութիւններու ընթացքին մշակուած է սկզբունք, որ հիմք պիտի ծառայէ այս ռեժիմի յստակեցման համար. «Ճանապարհի հսկողութիւնը պիտի իրականացնէ այն երկիրը, որու տարածքով կ'անցնի այդ ճանապարհը»։ Սա կը նշանակէ, որ եթէ ճանապարհը կ'անցնի Հայաստանի տարածքով, ապա այն հայկական է, եթէ Ատրպէյճանի տարածքով` ատրպէյճանական։
Երեւանի մէջ կայացած «Հայ–ռուսական պիզնես–երկխօսութիւն 2022» գործարար առաքելութենէն, միջտարածաշրջանային համաժողովէն ետք «Ռոսիսկայա գազետա»ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախարարներու գրասենեակիի փոխնախագահ Ալեքսէյ Օվերչուքը։
Միեւնոյն ատեն Օվերչուք նշած է, որ Հայաստանի անդամակցութիւնը ԵԱՏՄ–ին հաշուի պիտի առնուի Ատրպէյճանի հետ պետական սահմանը հատելու վերաբերեալ հարցը լուծելու ժամանակ:
«Մեր բոլոր պայմանաւորուածութիւնները կը կառուցուին նաեւ այս գործօնը հաշուի առնելով։ Ընդ որում` կը ձգտինք առաւելագոյնս ներգրաւել տեղեկատուական արհեստագիտութիւնները, որոնք կը հեշտացնեն մարդոց եւ բեռերու սահմանահատումը՝ յաճախորդի տեսանկիւնէ։ Կը կարծեմ, որ քննարկուող արհեստագիտական լուծումները հետագային կրնան օրինակ դառնալ նաեւ ԵԱՏՄ մաքսային սահմանի այլ հատուածներուն մէջ կիրառելու համար», – նշած է ան։
Օվերչուք համոզուած է, որ Հայաստանին այսօր մէկ քայլ կը բաժանէ տնտեսական աճը զսպող փոխադրային շրջափակման չեղարկումէն։
Ռուսիոյ Դաշնութեան նախարարներու գրասենեակի փոխնախագահը նշած է, որ համաժողովն ու ձեռնակատիրական առաքելութիւնը կայացած են հայ–ատրպէյճանական սահմանին սեպտեմբերեան ողբերգական իրադարձութիւններէն անմիջապէս ետք։ Հակառակ իրավիճակի ծանրութեան եւ բազմաթիւ կորուստներու ցաւին` Հայաստանի ղեկավարութիւնը որոշած է կայացնել նախապէս ծրագրուած հայ-ռուսական միջոցառումները։
«Մենք կը հասկանանք, թէ այդ որքան ծանր որոշում էր այս պայմաններուն, ինչը առաւել քան խօսուն ցուցադրում է, թէ Հայաստանի համար որքան կարեւոր են մեր կապերը», –ըսած է Օվերչուք։
Նշենք, որ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման մասին պայմանաւորուածութիւնը ձեռք բերուած Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներու` 2021 թուականի 11 յունուարին Մոսկուայի մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ։ Այդ նպատակով որոշուած է երեք երկիրներու փոխվարչապետներու մակարդակով աշխատանքային խումբ ստեղծել, որ կը կեդրոնանայ տարածաշրջանին մէջ փոխադրային եւ տնտեսական կապերու կարգաւորման վրայ։