Օրերս Մոսկուայի մէջ նշուած է Եւրասիոյ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան 30-ամեակը։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ մասին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը.
Եւրասիոյ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւնը իր հիմնադրման 30-ամեակը տօնեց Սեպտեմբեր 21, 2025ին, Մոսկուայի Հայ Աւետ. Եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ իր Նախագահին, Վեր. Ռընէ Լեւոնեանի, եւ Ատենապետին, Վեր. Մասիս Ակոբեանի։ Բազում հայեր կը գտնուին Եւրասիոյ մէջ (Ռուսաստան, Վրաստան, եւլն.), որոնց իր հոգեւոր ծառայութիւնը կը մատուցեն Միութեան բոլոր եկեղեցիները։ ՄԱՀԱԵՄի ջերմ աղօթքն է որ Եւրասիոյ Հայ Աւետ. Միութիւնը բարգաւաճի եւ շարունակէ հայ ժողովուրդի համար իրենց առաքելութիւնը, Քրիստոսի փառքին համար։