image

Մոնթրէալի մէջ. Սուրբ Յակոբ վարժարանի աշակերտները յանուն՝ Արցախցիներուն

 Մոնթրէալի մէջ. Սուրբ Յակոբ վարժարանի աշակերտները յանուն՝ Արցախցիներուն

Օրերս վերջին ամիսներուն հանգանակութեան ճամբով բռնագաղթուած արցախցի մեր հայրենակիցներուն համար հաւաքուած գումարները յանձնուած են Գանատայի Թեմի բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն արք. Չարեանին։ Խօսքը ի հարկէ Մոնթրէալի «Սուրբ Յակոբ վարժարան»ի սաներուն մասին է, որ այս առթիւ ալ այցելութիւն տուած են Գերշ. Տ. Բաբգէն արք.ին։

Ստորեւ ներկայացուած լրատւութիւնը։

 

Չորեքշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2023-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան Ազգային Առաջնորդարանէն ներս ընդունեց, Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի Տնօրէն՝ Տիկին Լոռի Ապրաքեանը, աշակերտական խորհուրդի պատասխանատու՝ Պրն. Մոսիկ Արզումանեանը եւ Վարժարանի աշակերտական խորհուրդի անդամները։

 

Այցելութեան նպատակն էր՝ ամիսներու ընթացքին զանազան ծրագիրներէ եւ ուտեստեղէններու վաճառքէն անոնց հաւաքած գումարը նուիրել Արցախցի իրենց քոյրերուն ու եղբայրներուն։

 

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց անոնց կատարած բարեսիրական աշխատանքը։

 

«Արդէն իսկ կը գտնուինք Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան սեմին։ Տօնական այս օրերուն դուք ձեր անձերէն եւ ձեր հարազատներէն բացի, մտածեցիք նաեւ ձեր եղբայրներուն ու քոյրերուն, որոնք ամիսներ առաջ բռնի ուժով տեղահան եղան իրենց ծննդավայրէն՝ Արցախէն։ Ձեր այս կատարած աշխատանքը գնահատելի է», ըսաւ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս։