Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբին, օրերս, Մոնթրէալի մէջ, տեղի ունեցած է հանդիպում մը սփիւռքահայ գրականագէտ, թարգմանիչ, գրական եւ փիլիսոփայական վերլուծաբան եւ խմբագիր Մարկ Նշանեանի հետ, որուն ներկայ եղած են մոնթրէալահայ գրասէրներու խումբ մը:
Եղելութեան մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ «Հորիզոն»էն:
Ստորեւ հրապարակուած լրատւութիւնը՝
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբին, Հինգշաբթի, 2 Հոկտեմբեր 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ մտերմիկ հանդիպում մը սփիւռքահայ գրականագէտ, թարգմանիչ, գրական եւ փիլիսոփայական վերլուծաբան եւ խմբագիր Մարկ Նշանեանի հետ, որուն ներկայ էին մոնթրէալահայ գրասէրներու խումբ մը:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբի պատասխանատու Նանոր Աշնա Սնապեան, որմէ ետք թարգմանիչ եւ գրական յօդուածագիր Ռաֆֆի Աճէմեան հակիրճ կերպով ներկայացուց Մարկ Նշանեանն ու անոր հին եւ նոր հրատարակութիւնները, թարգմանական եւ վերլուծական գիրքերը, ապա խօսքը փոխանցեց վերլուծաբանին՝ աւելի մանրամասն ներկայացնելու իր հրատարակութիւնները:
Նշանեան իր ներկայացումը սկսաւ երեկոն նուիրելով Մինաս Չերազի եղբօրը թոռան՝ գրող եւ հրապարակագիր Վահան Իշխանեանի յիշատակին, որ 2022-ին Մոնթրէալի մէջ կնքեց իր մահկանացուն, եւ որ իր ներդրումը ունեցած է վերլուծաբանին կարգ մը հրատարակութիւններուն:
Նշանեան նախ անդրադարձաւ «ԿԱՄ» վերլուծական հանդէսին վերջին՝ 7-րդ, 8-րդ, 9-րդ եւ 10-րդ հրատարակութիւններուն եւ անոնց բովանդակութեան մասին, ինչպէս նաեւ անոր առաջին թիւերուն լոյս ընծայման պարագաներուն, որուն խմբագրութիւնը ստանձնած էր ինք՝ Մարգ Նշանեան: Ապա անդրադարձաւ իր թարգմանական վերջին հրատարակութիւններէն Մորիս Բլանշոյի «Վիպումներ» գիրքին, Ֆրիդրիխ Նիցչէի «Դերաքրիստոսը», Միշէլ Ֆուկոյի «Իմացութեան կամեցողութիւնը», Ջորջօ Ագամբէնի «Գերիշխան տիրակալութիւնը եւ մերկ կեանքը» եւ «Ժամանակը որ կը մնայ / Թուղթ առ Հռովմայեցիսի պարզաբանում մը» գիրքերուն, որոնց բովանդակութեան մաս կը կազմեն նաեւ վերլուծաբանին գրիչին պատկանող վերջաբաններ: Ան իր ներկայացման ընթացքին հակիրճ կերպով անդրադարձաւ իւրաքանչիւր իմաստասէրի հիմնական փիլիսոփայութեան եւ նշեալ գիրքերուն մէջ անոնց արծարծած հիմնական միտքերը: Ան միջոցին անդրադարձաւ նաեւ իր, Մինաս Լուռեանի եւ Ռաֆֆի Աճէմեանի համաթարգմանութեամբ լոյս տեսած Եդուարդ Սայիդի «Արեւելաբանութիւն» գիրքին, զոր Նշանեան յեղափոխութիւն մը կը համարէ արեւելականութեան հասկացութեան շուրջ:
Վերլուծաբանը ներկայացուց նաեւ «Թարգմանական դամբանական» գիրքը, որ Վահան Իշխանեանի ստեղծած եւ վարած «Ինքնագիր»ի կայքէջով հրապարակուած իր յօդուածներու հաւաքածոն է, ինչպէս նաեւ իր խմբագրած «Հանգրուաններ»ը, որ ընտրութիւն մըն է Յակոբ Օշականի քննադատական եւ վերլուծական՝ ոչ վիպական բնագիրներուն:
Իր վերջին ներկայացուցած իր գիրքն էր «Գեղագիտական ազգայնականութիւն»ը, որուն բովանդակութիւնը բաժնուած է երկու մասերու. առաջինը վերնագրուած է «Ազգային բանասիրութեան սկզբնաւորութիւնը», իսկ երկրորդը՝ «Առասպելաբանական կրօնքին գիւտը:
Հանդիպումի աւարտին վերլուծաբանը լուսաբանութիւն տուաւ ներկաներուն հարցադրումներուն, որմէ ետք մտերմիկ զրոյցը շարունակուեցաւ ներկաներուն հետ: Ռաֆֆի Աճէմեանի շնորհակալական խօսքով աւարտեցաւ երեկոն: