image

«Միութիւն, պայքար, յաղթանակ».ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդները երթ կատարած են (Տեսանիւթ)

  «Միութիւն, պայքար, յաղթանակ».ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդները երթ կատարած են (Տեսանիւթ)

 ՀՅԴ Երիտասարդական միաւորը ՝ ԼԵՄ-ը այսօր երթ կատարած է Պէյրութի հայահոծ Պուրճ Համուտ շրջանի թաղամասերուն մէջ։

 

 Երիտասարդները, որոնք այս քայլով ուզած են սատար կանգնիլ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ընդդիմադիր շարժումին   իրենց ձեռքերուն բռնած են «Զարթնիր Լաօ» տառերով պատրաստուած մեծադիր պաստառ մը, ինչպէս նաեւ  Հայաստանի եւ Արցախի տասնեակ դրօշներ։

 

 Անոնք անխափան կերպով շրջած են հայկական թաղամասերուն մէջ, մինչեւ իրենց ընկերացող  բարձրաձայն ձայնասփիւռը սփռած է ազգային-յեղափոխական երգեր ու լսելի դարձած են «Ձեզ համար Արցախը տարածք է, մեզ համար Սուրբ Հայրենիք», «Միութիւն, պայքար, յաղթանակ» վանկարկումները։

 

 

 

 

 Անշուշտ երթի ողջ տեւողութեան ժամանակ լսելի դարձած է «Զարթիր լաօ» մարտաշունչ երգը։

 

 Ինչպէս երէկ, այսօր եւս լիբանանահայ երիտասարդը տէրն է իր կոչումին եւ այդ երթը անխափան է։

 

Լուրը համադրաբար՝ «Արեւելք»ի