image
Հրատապ լուրեր:

Միրզոյեանն ու Եգիպտոսի Արտաքին գործոց նախարարը քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր

Միրզոյեանն ու Եգիպտոսի Արտաքին գործոց նախարարը քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը հանդիպում ունեցած է Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրիի հետ:

Հանդիպումը տեղի ունեցած է ՀՀ վարչապետի՝ Եգիպտոս պաշտօնական այցի շրջածիրէն ներս: Այդ մասին յայտնած են ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութենէն:

Քննարկուած են տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր։

Նախարար Միրզոյեանը անդրադարձած է Հարաւային Կովկասի մէջ երկարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ ՀՀ շարունակական ջանքերուն՝ իր եգիպտացի գործընկերոջ ներկայացնելով Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ վերջին քննարկումները: Արարատ Միրզոյեանը շեշտած է, որ առանցքային հարցերու շուրջ ՀՀ մօտեցումներն արդարացի են եւ օրինական՝ հիմնուած հանրայայտ սկզբունքներու՝ տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան յարգման անհրաժեշտութեան վրայ:

Տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման ծիրէն ներս Արարատ Միրզոյեանն ընդգծած է ՀՀ յստակ արտայայտուած շահագրգռուածութիւնը եւ փոխադարձութեան ու հաւասարութեան սկզբունքներով գործընթացն առաջ տանելու քաղաքական կամքը։