Սեպտեմբեր 18-24-ը Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը պիտի գտնուի Նիւ Եորքի մէջ՝ մասնակցելու ՄԱԿ Ընդհանուր վեհաժողովի 78-րդ նստաշրջանի բարձր մակարդակի քննարկումներուն եւ բարձրաստիճան միջոցառումներու:
Ըստ Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան՝ կը նախատեսուին Միրզոյեանի հանդիպումները ՄԱԿ եւ այլ երկիրներու գործընկերներու հետ։
Նիւ Եորք մեկնած է նաեւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը։ Միացեալ Նահանգներու մէջ հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններու մասին տեղեկութիւն դեռ առկայ չէ։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ