image

Միրզոյեան հանդիպած է սէուտցի իր պաշտօնակցին

Միրզոյեան հանդիպած է սէուտցի իր պաշտօնակցին

19 Փետրուարին ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարար՝ Արարատ Միրզոյեան Միունիխի մէջ հանդիպում ունեցած է Սէուտական Արաբիոյ ԱԳ նախարար՝ Ֆայսալ պըն Ֆարհան Ալ Սաուտի հետ։

Զրուցակիցները մտքեր փոխանակած են Հայաստանի ու Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան հաստատման հեռանկարներու շուրջ՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով աշխատանքներ իրականացնել երկու երկիրներու միջեւ երկկողմանի եւ բազմակողմանի օրակարգերու ձեւաւորման գործով։

Արարատ Միրզոյեան համոզում յայտնած է, որ առկայ է համապատասխան ներուժ՝ զարգացնելու համագործակցութիւնը տեղեկատուական եւ բարձր արհեստագիտութիւններու, առողջապահութեան, զբօսաշրջութեան եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ։

Հանդիպման ընթացքին ԱԳ նախարարները ընդգծած են երկու երկիրներու միջեւ առեւտրատնտեսական կապերու աշխուժացման, ներդրումային ծրագիրներու իրականացման եւ գործարար շրջանակներու միջեւ կապերու հաստատման կարեւորութիւնը։