Պաշտօնէն ազատուած է Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանի գործով դատախազ Արման Բաղդասարեանը։ Այս մասին կը տեղեկանանք Գլխաւոր դատախազ Աննա Վարդապետեանի հրամաններէն։
Ան արդարադատութեան առաջին դասի խորհրդական էր, կը զբաղցնէր Գլխաւոր դատախազութեան սահմանադրական կարգի հիմունքներու, պետութեան եւ հասարակական անվտանգութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու գործերով վարչութեան պետի տեղակալի պաշտօնը։
Հրամանէն պարզ կը դառնայ, որ Արման Բաղդասարեանն ազատուած է սեփական դիմումի համաձայն։
Յիշեցնենք, որ Միքայէլ արքեպիսկոպոսի գործով դատախազը միջնորդած էր սրբազանը ազատազրկել 2 տարի 6 ամիս ժամկէտով, սակայն դատարանը դատապարտած է 2 տարուան ազատազրկման։
Պաշտօնէն ազատուած է նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի մեքենայի շարսիւանի մասնակցութեամբ վթարի զոհ դարձած Սոնա Մնացականեանի գործով դատախազ՝ Արմէն Բեգլարեանը: