image
Հրատապ լուրեր:

Միքայէլ (Միքա) Պատալեան ազատ պիտի արձակուի

Միքայէլ (Միքա) Պատալեան ազատ պիտի արձակուի

«Ազատագրում» շարժման ղեկավար Միքայէլ Պատալեան գրաւի դիմաց ազատ պիտի արձակուի: Այս մասին դիատետրեան իր էջին գրած է անոր փաստաբան Էրիք Ալեքսանեանը։

«Միքայէլ Պատալեանը գրաւով ազատ կ'արձակուի։ Դատաւոր Արուսեակ Ալեքսանեանը բաւարարեց միջնորդութիւնը։ Դատաւորը գտնուեց իր բարձրունքում»,– գրած է ան:

Յիշեցնենք, որ Միքայէլ Պատալեանի առողջական վիճակը կտրուկ վատացած է, անոր մօտ նախակաթուածային վիճակ է, անոր տեղափոխած են Հանրապետական հիւանդանոց:

Միքայէլ Պատալեանը աշխոյժ մասնակցած է «Դիմադրութիւն» շարժման անհնազանդութեան գործողութիւններուն։ Ան կալանաւորուած է 24 մայիսին, անոր մեղադրանք առաջադրուած է ահաբեկչութեան մասին սուտ հաղորդում տալու յատկանիշներով։ 18 Յուլիսին 20 օրով երկարացուած էր կալանքի ժամկէտը: