image

Միջուկային զէնքը չի կրնար անվտանգութեան երաշխաւոր ըլլալ. ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար

Միջուկային զէնքը չի կրնար անվտանգութեան երաշխաւոր ըլլալ. ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ համոզում յայտնած է, որ որեւէ երկրի անվտանգութիւնը չի կրնար ապահովուիլ միջուկային զէնքի միջոցաւ: Այդ մասին ըսուած Է Նակազաքիի ամերիկեան աթոմային ռմբակոծման տարելիցի առթիւ՝ 9 օգոստսին տարածուած ուղերձին մէջ, կը տեղեկացնԷ «Արմէնփրէս»-ը:

«Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի դէմ միջուկային զէնքի կիրառումը յարուցեց մարդասիրական աղէտ՝ միակը՝ իր տեսակի մէջ: Այն ազդարարեց նոր դարաշրջանի գալուստը, ուր մարդկութիւնը կրնայ ինքն իրեն բնաջնջել: Իսկական անվտանգութիւնը երբեք չի կրնար ձեռք բերուիլ միջուկային զէնքի միջոցով: Այն ձեռք կը բերուի երկխօսութեան, բանակցութիւններու, փոխադարձ յարգանքի եւ միջազգային իրաւունքին հաւատարիմ ըլլալու միջոցով»,- ըսուած Է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի ուղերձին մէջ, որ ընթերցուած Է Նակազաքիի մէջ տեղի ունեցած յիշատակի արարողութեան: Նակազաքին դարձաւ Հիրոշիմայէն ետք Ճափոնի երկրորդ քաղաքը, որ 1945-ի օգոստոսին ենթարկուեցաւ ամերիկեան միջուկային հարուածի:

Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի աթոմային ռմբակոծումներն ԱՄՆ-ի զինուած ուժերու կողմէ իրականացուած են Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի վերջաւորութեան: Անոնց պաշտօնական նպատակն Էր հռչակուած Ճափոնական կայսրութեան անձնատւութեան արագացումը: Այդ գրոհները դարձան միջուկային զէնքի մարտական կիրառման՝ մարդկութեան պատմութեան մէջ միակ օրինակը: