Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Փրայսը ճեպազրոյցի ժամանակ անդրադարձած է հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման գործընթացին՝ յայտարարելով, որ ամերիկեան կողմն իր խօսքով եւ գործով հասկցուցած էր, որ պատրաստ է եւ կարող է օգնել կողմերուն՝ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին, ամէն կերպով առաջընթաց արձանագրելու այս շատ բարդ հարցերուն մէջ։
Ան յիշեցուցած է Միւնիխի մէջ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի միջնորդութեամբ ՀՀ եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպումը՝ ընդգծելով, որ ԱՄՆ կ'աշխատի գործընկերներուն հետ, կ'աջակցի ԵՄ-ի գործընթացին:
«Պէտք է նշեմ, որ ԵՄ նախագահ Միշէլի կողմէն առաջարկ կայ՝ հիւրընկալել կողմերը Պրիւքսէլի մէջ։ Այդ հնարաւորութիւն է, որ անոնք կրնան ընդունիլ, նստիլ եւ շարունակել այն առաջընթացը, որ մենք տեսած ենք վերջին շաբաթներու ընթացքին», - ըսած է Փրայսը:
Ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճանի կողմէ Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհի՝ Լաչինի միջանցքի արգելափակման, Փրայսն ըսած է, որ պետական քարտուղարը միւնիխեան հանդիպման ժամանակ քննարկած է այս հարցը:
«Ան ընդգծած էր Լաչինի միջանցքով ազատ եւ բաց առեւտրային եւ մասնաւոր տարանցման անհրաժեշտութիւնը։ Ան նաեւ կոչ ըրած է կողմերուն բանալու այլ փոխադրային ուղիներ։ Մենք կը կարծենք, որ առաջին հերթին կողմերու վրայ դրուած է պատասխանատւութիւնն առ այն, որ պէտք է լուծել ապրանքներու ազատ հոսքի այս խոչընդոտները: Մենք կը կեդրոնացնենք մեր դիւանագիտութիւնը՝ փորձելով օգնել հասնելու անոր», - ըսած է Փրայսը:
Խօսելով սպասուելիք պրիւքսէլեան հանդիպման մասին՝ Փրայսն ըսած է, որ կողմերուն հրաւէր ու հնարաւորութիւն տրուած է եւ ի վերջոյ, ցանկացած նման հանդիպման իրենց հնարաւոր մասնակցութեան մասին խօսիլը պէտք է ըլլայ կողմերու՝ հայ եւ ատրպէյճանցի գործընկերներու որոշումը:
Պատասխանելով լրագրողի դիտարկման առ այն, որ Ռուսիան վերջին քանի մը շաբթուան ընթացքին կը քննադատէ գործընթացը՝ ըսելով, որ այն կը տապալէ բանակցային գործընթացը, Փրայսը նշած է. «Իմ միակ մեկնաբանութիւնն այն է, որ մենք յոյսով ենք, որ կը տեսնենք այն առաջընթացը, որ մենք տեսանք վերջին շաբաթներու ընթացքին, եւ մենք պատրաստ ենք աջակցիլ կողմերուն, մինչ անոնք բանակցութիւններ կը վարեն այս մարտահրաւէրի համապարփակ լուծման ուղղութեամբ»: