image

Միացեալ Նահանգներ տարբերակներ կը մշակէ հարուածելու համար Իրանը. Politico

Միացեալ Նահանգներ տարբերակներ կը մշակէ հարուածելու համար Իրանը. Politico

Միացեալ Նահանգներ տարբերակներ կը մշակէ Իրանին պատասխան հարուած հասցնելու համար, որ այդպիսով կանխէ իրանամէտ ուժերու նոր յարձակումներն ամերիկեան ռազմակայաններու վրայ: Միեւնոյն ժամանակ պատասխան հարուածը պէտք է ըլլայ այնպիսին, որ չյանգեցնէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իրավիճակի սրման, գրած է Politico-ն՝ վկայակոչելով աղբիւրը։

Ծրագիրը պէտք է հաստատէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընը։ Հրատարակութեան համաձայն՝ տարբերակներու շարքին Փենթակոնը կը դիտարկէ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ իրանեան զինուորականներու կամ Պարսից ծոցի մէջ իրանեան ռազմածովային կառոյցներու վրայ յարձակումները։

Պատասխան յարձակումները, ինչպէս նշած են Politico-ի զրուցակիցները, պիտի սկսին Ճօ Պայտընի կողմէ ծրագրի հաստատումէն քանի մը օր անց եւ տեղի պիտի ունենան յստակ թիրախներու դէմ։

Նման միջոցները պիտի ըլլան Միացեալ Նահանգներու պատասխանը՝ Յորդանանի եւ Սուրիոյ սահմանին գտնուող ռազմակայանի վրայ յարձակման, որու հետեւանքով երեք ամերիկացի զինուոր զոհուած է, գրած է հրատարակութիւնը։ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն կատարուածի համար մեղադրած էր Իրանը՝ յայտարարելով, որ յարձակումն իրագործած Իրաքի իսլամական դիմադրութիւն խմբաւորումը աջակցութիւն կը ստանայ Իրանի կողմէ: