image

Միացեալ Նահանգներ «մտահոգ» է Արցախի վիճակով

Միացեալ Նահանգներ «մտահոգ» է Արցախի վիճակով

Միացեալ Նահանգները խորապէս մտահոգուած է  կազամատակարարման խափանումներով եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու տեղաշարժերով։ Այս մասին կ'ըսուի ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով  թուիթըրեան էջով։

ԱՄՆ խորապէս մտահոգուած է կազամատակարարման խափանումներով եւ Ատրպէյճանի զինած ուժերու տեղաշարժերով։ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը պէտք է օգտագործեն ուղիղ կապի միջոցները իրավիճակի անյապաղ ապամագլցողութեան համար», կ'ըսուի տարածուած յայտարարութեան մէջ։

Կը նշուի նաեւ, որ ԱՄՆ պետական քարտուղարի օգնական Քարըն Տոնֆրիտ կարեւոր հեռախօսազրոյցներ ունեցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի  արտաքին գործերու նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ։

Յիշեցնենք, որ երէկ Արցախի տեղեկատուական շտաբը տեղեկութիւն տարածած էր ատրպէյճանցիներու յառաջխաղացման մասին` նշելով, որ բնակիչները տարհանուած են: Աւելի ուշ հաղորդուած էր, որ բանակցութիւններու եւ անվտանգային լրացուցիչ միջոցառումներու արդիւնքով ատրպէյճանական զինուած ուժերու շարժը կասեցուած էր, սակայն հակառակորդը տակաւին չէ վերադարձած ելման դիրքեր: