image

«Մի հատ էլ թող այլընտրանքային պետութիւն հիմնեն». Ալեն Սիմոնեան՝ ընդդիմութեն մասին

«Մի հատ էլ թող այլընտրանքային պետութիւն հիմնեն». Ալեն Սիմոնեան՝ ընդդիմութեն մասին

Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան անլուրջ կը համարէ «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւններու կողմէ Ազգային ժողովի նիստը պոյքոթելը եւ Ազգային ժողովէն դուրս քննարկումներ կայացնելը։ Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, Ազգային ժողովի մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ Ալեն Սիմոնեանն ըսած է, որ ընդդիմութեան այդ քայլը չի վնասեր Ազգային ժողովի աշխատանքներուն, որովհետեւ ԱԺ-ն ունի ամենաբարձր օրինականութիւնը։

«Իսկ ընդդիմութիւնը, կարելի է ասել, ամենացածր լեգիտիմութիւն (օրինականութիւն) ունեցող ընդդիմութիւնն է մեր պատմութեան մէջ։ Մի հատ էլ թող այլընտրանքային պետութիւն հիմնեն»,-աւելցուցած է Սիմոնեան։

«Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնները Ազգային ժողովի նիստին չեն ներկայացած՝ փոխարէնը «Հայաստանի իրական օրակարգը» խորագրով քննարկում կազմակերպած են։

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան քննարկման ժամանակ յայտարարած է, որ Հայաստանի իրական եւ առաջնային օրակարգը Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան ապահովումն է, որ կը պահանջէ ազգային պետական ուղեգիծի հաստատում: Ան նշած է, որ իրենք ՀՀ քաղաքացիներէն  մանտաթ ստացած են հենց այս օրակարգը պաշտպանելու համար: