Ռուսիոյ Դաշնութեան Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ կասկած յայտնած է, որ Ուքրանիան որոշ ժամանակ անց աշխարհի քարտէզի վրայ առհասարակ գոյութիւն պիտի ունենայ:
Թելեկրամեան իր ալիքով ան գրած է, որ տեսած է հաղորդագրութիւն, ըստ որու Ուքրանիան «լենտ լիզի» ծրագրի շրջանակին մէջ կը փափաքիէ «իր արտասահմանեան տէրերէն» ստանալ հեղուկացուած բնական կազ` 2 տարի յետոյ առաքման համար վճարելու պայմանով, հակառակ պարագային ան «ուղղակի պիտի սառի» յաջորդ ձմեռ:
«Միայն մէկ հարց, իսկ ո՞վ ըսաւ, որ երկու տարի յետոյ Ուքրանիան առհասարակ գոյութիւն պիտի ունենայ աշխարհի քարտէզին վրայ: Ամերիկացիներուն այլեւս մէկ է: Անոնք այնքան ներդրած են հակառուսական նախագիծին մէջ, որ մնացեալ ամէն ինչ իրենց համար մանրուք է...», յայտնած է Մետվետեւ: