Ֆէյրուզի մասին գրելու իւրաքանչիւր առիթ տօն է, յատկապէս որ ան ոչ միայն լիբանանցիներու սրտին թագն է, այլ ամբողջ աշխարհի ապրող եւ կենարար ոսկեայ ձայներէն մին։
Օրեր առաջ Ֆայրուզի եւ անոր երկու որդիներուն հետ առնուած լուսանկարը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած է ընկերային ցանցերու վրայ։
Կը նշուի, որ Ֆէյրուզ եւ անոր երեք զաւակները ՝ Զիատ, Հալի (նշենք, որ Հալի ի ծնէ վատառողջ եղած է եւ կը տառապի քրոնիք հիւանդութիւններէ) եւ Ռիմա միասնաբար եղած են Պիքֆայայի մերձ եղող «Ալ Մըհայտսէ» գիւղի «Սուրբ Մարիամ Աստուածածին» («Ալ Սայտէ») եկեղեցին մասնակցելու համար Ֆէյրուզի ամուսնոյն, եւ իրենց հօր Ասի Ռահպանիի Ասի Ռահպանիի մահուան 36-րդ տարելիցին առթիւ եղած արարողութեան։
Ուշագրաւն այն է, որ քիչ կը պատահի, որ Ֆէյրուզ իր որդիներուն (մասնաւորապէս Զիատին հետ) երեւի եւ կամ հանրային վայրերու մէջ արարողութեանց մասնակցի։
Նշենք, որ լուսանկարները առած է Ֆէյրուզի դուստրը՝ Ռիման, որ աւելի ուշ իր ընկերային էջերուն վրայ հրապարակած է այդ լուսանկարները։
Տարբեր փուլերու ընթացքին Զիատ Ֆէյրուզի տաղանդաւոր եւ անդրանիկ զաւակը տարակարծութիւններ ունեցած է իր ծնողներուն հետ, սակայն ըստ վերջին տուեալներուն ան ներկայիս հաշտ ու խաղաղ յարաբերութեան մը մէջ է մօրը՝ Մեծն Ֆէյրուզին հետ։
Ֆէյրուզի մասին գրելու իւրաքանչիւր առիթ տօն է, յատկապէս որ ան ոչ միայն լիբանանցիներու սրտին թագն է, այլ ամբողջ աշխարհի ապրող եւ կենարար ոսկեայ ձայներէն մին։