Իսրայէլեան «Հաարէթց» թերթը այսօր` Երկուշաբթի, յայտնած է, որ իսրայէլեան ոստիկանութիւնը «կը վախնայ», որ բռնագրաւուած Երուսաղէմի Հին քաղաքին բախումները սրին եւ վախնան, որ «անոնք տեղափոխուին արաբական եւ խառն քաղաքներ»:
Պարբերականը կը նշէ, որ այս մտավախութիւնները կը բխին «ընկերային ցանցերու մէջ հրապարակումներու լայն տարածումէն, որոնք կը խօսին Ալ-Աքսա մզկիթը վերահսկելու Իսրայէլի փորձի մասին»:
Այն մէջբերած է ոստիկանութեան յայտարարութիւնը, որ «խօսակցութիւնը քարոզչական արշաւի մասին է, որ կ'ուղղորդուի «Համաս»-ի աքթիւիսթներու եւ Իսլամական կառոյցներուն հետ կապ ունեցող բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ»:
Պարբերականը յաւելած է, որ ոստիկանութիւնը այսօր երեկոյեան կը պատրաստուի բողոքի ցոյցերու Արապա եւ Հայֆա քաղաքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ կը պատրաստուի «քահանաներու օրհնութեան աւանդական միջոցառման Ալ-Պուրաք պատին մօտ, ուր կը սպասուի հրեայ հաւատացեալներու մեծ բազմութիւն, ինչ որ մղեց ոստիկանութեան՝ կրկնապատկելու միջոցառման նախապատրաստութիւնը եւ մտավախութիւնները, եւ ընկերային ցանցերուն մէջ դէպքը պատրուակ օգտագործելու՝ իրավիճակը սրելու համար»:
Իսրայէլի յարձակումներն ու ներխուժումները Ալ-Աքսա մզկիթի վրայ կը կրկնուին, ինչպէս կը հաղորդէ «Մայատին»-ի թղթակիցը այսօր առաւօտեան, հրեաները կը ներխուժեն Ալ-Աքսա մզկիթ` իսրայէլեան ուժերու պաշտպանութեան ներքոյ:
Հազարաւոր պաղեստինցիներ տարբեր բռնագրաւեալ շրջաններու մէջ օրերէ ի վեր ոտքի կը կանգնին իսրայէլեան ուժերուն դէմ, որոնք կը ձգտին պաշտպանութիւն ապահովել հրեաներուն համար Ալ-Աքսա մզկիթի ներխուժման ժամանակ: