image

«Մեր միակ թշնամին Չինաստանն է». Միացեալ Նահանգներէն «կարծր» յայտարարութիւն

«Մեր միակ թշնամին Չինաստանն է». Միացեալ Նահանգներէն «կարծր» յայտարարութիւն

Միացեալ Նահանգները  Չինաստանը կը համարէ իր միակ մրցակիցը, որ ոչ միայն մտադիր է փոխել գոյութիւն ունեցող աշխարհակարգը, այլ նաեւ կը զարգացնէ տնտեսական, դիւանագիտական, ռազմական եւ արհեստագիտական ուժ այս նպատակին հասնելու համար, ըսուած է Պետական բաժանմունքի խօսնակ՝ Ուետանթ Փաթըլի յայտարարութեան մէջ։

«Չինաստանը մեր միակ մրցակիցն է, որ ե՛ւ վճռական է փոխելու միջազգային կարգը, ե՛ւ կը դառնայ աւելի մեծ տնտեսական, դիւանագիտական, ռազմական եւ արհեստագիտական ուժ՝ այդ նպատակին հասնելու համար», - ըսած է Փաթըլը:

Աւելի վաղ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուան Ին յայտարարած էր, որ 2022 թուականին Չինաստանի դիւանագիտութեան առանցքային ձեռքբերումներէն է ԱՄՆ-ի գերիշխանութեան դէմ յաջող պայքարը եւ Ուաշինկթոնի ուժային քաղաքականութեան դէմ պայքարը։

Մինչդեռ ԱՄՆ պետական քարտուղարի տեղակալ՝ Ուենտի Շերման խոստացած էր, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ պահպանել Չինաստանի հետ հաղորդակցութեան բաց ուղիները եւ զարգացնել երկկողմ յարաբերութիւնները 2023 թուականին։ Դիւանագէտը աւելցուցած է, որ Ուաշինկթոնն ու Փեքինը պէտք է միասին աշխատին «ի շահ» ամբողջ աշխարհի մարդոց։