Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Զօր. Միշէլ Աուն պատկերասփռուած ելոյթ մը ունենալով անդրադարձաւ երկրին մէջ գրանցուած դէպքերուն։
Աուն վստահեցուց, որ ինք, ինչպէս նաեւ պատկան մարմինները ամէն ճիգ պիտի իրագործեն գտնելու ու պատժելու այսօրուան դէպքերուն հեղինակները։
Աուն նաեւ նշեց, որ «Լիբանանցիներս պայմանաւորուած ենք մէկանգամընդմիշտ փակել զինեալ բախումներու սեւ էջը նաեւ որդեգրել առկայ խնդիրները պետական հաստատութիւններու ճամբով լուծելու ռազմավարութիւնը»։
Լիբանանի նախագահը նաեւ դիտել տուաւ, որ ինք անձնապէս պիտի հետեւի հետապնդումներուն պատժելու համար բոլոր մեղսակիցները։ Ան կարեւորելով դատական մարմիններու անկախ ըլլալու հանգամանքը յայտնեց, որ Լիբանանը հեռու չէ ընդհանուր լուծումներու կարեւորագոյն փուլէն նշելով, որ ինչ ալ ըլլան հանգամանքները երկիրը հեռու պէտք է պահուի ներքին խլրտումներէ։
Յիշեցնենք, որ այսօր Պէյրութի յատկապէս «Թայունի» շրջանին մէջ եղած բախումներուն հետեւանքով զոհուած էին վեց անձեր եւ տասնեակ ուրիշներ ՝ վիրաւորուած։