image

«Մենք մեր նաւթը կ՚ուզենք».«Հըզպալլա»ի պաշտօնատար

«Մենք մեր նաւթը  կ՚ուզենք».«Հըզպալլա»ի  պաշտօնատար

Մենք մեր նաւթը եւ մեր իրաւունքները կ'ուզենք ամբողջական եւ առանց պակասի, իսկ Լիբանանը տկար չէ եւ կրնայ պաշտպանել իր իրաւունքները:

 

«Հըզպալլա»ի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Շէյխ Նաիմ Քասէմ հաստատած է, որ «հարցը պարզ է»` կապուած Լիբանանի ջուրերուն մէջ նաւթի եւ կազի հարստութեան հետ, եւ որ «մենք կը փափաքինք, որ մեր նաւթը եւ մեր իրաւունքները ըլլան ամբողջական եւ չնուազող»:

«Հըզպալլա»ի հիմնադրման 40-ամեակին նուիրուած արարողութեան ժամանակ իր ելոյթին մէջ Քասէմ ըսաւ. «Այսօր մենք կանգնած ենք արդարացի պահանջի առջեւ` կապուած Լիբանանի՝ իր ջուրերուն մէջ նաւթի եւ կազի հարստութեան վերականգնման հետ»:

Ան յաւելած է, որ «լուծումը յետաձգելու մասին ոմանց տուած խոստումները օգտակար չեն, եւ հնարաւոր չէ ժամանակի ընթացքին դիտել իսրայէլացիներու կողմէ արդիւնահանումը որպէս կատարուած փաստ», ընդգծելով որ «մենք մեր նաւթը եւ մեր իրաւունքները կ'ուզենք ամբողջական եւ առանց պակասի, իսկ Լիբանանը տկար չէ եւ կրնայ պաշտպանել իր իրաւունքները»: