Ռուսիան միշտ ջերմութեամբ վերաբերած է Ուքրանիոյ ժողովուրդին, եւ, հակառակ այսօրուան ողբերգական առճակատման, այդպէս կը վերաբերի նաեւ հիմա․ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին։
«Հէնց Ուքրանիան եւ Ուքրանիոյ ժողովուրդն են ռուսերու, Ռուսիոյ նկատմամբ միտումնաւոր հրահրուող ատելութեան առաջին ու գլխաւոր զոհը։ Ռուսասիոյ մէջ ճիշդ հակառակն է․ մենք միշտ յարգանքով ու ջերմօրէն վերաբերած ենք եւ կը վերաբերինք ուքրանացի ժողովուրդին։ Այդպէս եղած է եւ կայ՝ հակառակ այսօրուան ողբերգական առճակատման»,- ըսած է Ռուսիոյ նախագահը։
Վլատիմիր Փութին նշած է, որ Ուքրանիոյ մէջ ռուսական յատուկ գործողութիւնը անխուսափելի էր, եւ Ուքրանիոյ բարեկամները իրավիճակը հասցուցած են ատոր։
«Այսպէս կոչուած՝ Ուքրանիոյ բարեկամները իրավիճակը Ուքրանիոյ մէջ հասցուցին այն աստիճանի, որ այն դարձաւ մահաբեր՝ Ռուսիոյ համար, վերածուեցաւ ինքնասպանութեան՝ ուքրանացի ժողովուրդի համար»,- ըսած է Փութին։