image

Մենք չկարողացանք կանխել յարձակումը, Պորէլը չարձագանգեց. Եւրոպացի պաշտօնատար

Մենք  չկարողացանք կանխել յարձակումը, Պորէլը  չարձագանգեց. Եւրոպացի պաշտօնատար

Եւրոպական Միութեան դիւանագիտութիւնը չկարողացաւ արդիւնաւէտօրէն արձագանգել Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին: «ՌԻԱ նովոսթի»-ի հաղորդմամբ ըսած է Եւրոպական խորհրդարանի պաշտպանութեան ենթայանձնաժողովի ղեկավար, ֆրանսացի պատգամաւոր Նաթալի Լուազօ։

«Մենք չկարողացանք կանխել յարձակումը, որ կը պատրաստուէր մեր աչքին առջեւ»,-ըսած է Լուազօ Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի վերաբերեալ Միջազգային յարաբերութիւններու կոմիտէի լսումներու ժամանակ:

Անոր խօսքով՝ Եւրոպական Միութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորէլ չէ արձագանգած Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի օգնութեան կոչերուն։ «Գերագոյն ներկայացուցիչը մերժած է Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամի կողմէ Հայաստանի աջակցութեան խնդրանքը՝ պատճառաբանելով խաղաղութեան, ոչ թէ պատերազմի պատրաստուելու անհրաժեշտութիւնը։ Այդ ընթացքին, Ատրպէյճան ամրապնդեց իր առանց այն ալ ճնշող ռազմական առաւելութիւնը՝ զէնք ստանալով, մասնաւորապէս Թուրքիայէն եւ Իսրայէլէն, որուն աչք փակած ենք »,-ըսած է պատգամաւորը։

Անոր խօսքով, Եւրոպական խորհրդարանը բազմիցս զգուշացուցած է, սակայն եւրոպական դիւանագիտութիւնը անտեսած է այդ նախազգուշացումները։ «Այսօր ժամանակն է պատժամիջոցներ կիրառելու Ատրպէյճանի ղեկավարներու դէմ, որ կը կարծէ, որ մեր կրաւորականութիւնը կանաչ լոյս է իրեն համար: Անգործութիւնը ազդանշան պիտի ըլլայ բոլոր մեզի դիմողներուն, որ չեն կրնար յոյս դնել մեր վրայ»,-ըսած  է Լուազօ: