image
Հրատապ լուրեր:

Ալիեւ նոր քարտեր կը բանայ. Թեման Մեղրիով անցքն է

Ալիեւ նոր քարտեր կը բանայ. Թեման Մեղրիով անցքն է

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը CNN Türk-ին տուած ծաւալուն հարցազրոյցին մէջ խօսած է Արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու հեռանկարներու մասին՝ յայտարարելով, որ Պաքուն կ'ուզէ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքել:

«Մենք բազմիցս արտայայտեր ենք մեր դիրքորոշումը: Ես քանի մը անգամ բացէիբաց ըսեր եմ, որ մենք կ'ուզենք խաղաղութեան պայմանագիր կնքել Հայաստանի հետ: Որպէսզի Հայաստանն ու Ատրպէյճանը ճանչնան իրար տարածքային ամբողջականութիւնը եւ սկսին սահմանազատման գործընթացը՝ սահմաններու հաստատումը: Բայց մենք դեռ դրական պատասխան չենք ստացած Հայաստանէն: Ըստ ամենայնի, Հայաստանը պատրաստ չէ ատոր կամ դէմ է»,-ըսած է Ալիեւը:

Անոր խօսքով՝ Պաքուն այդ առաջարկը յաւերժ սեղանին պիտի չպահէ:

«Եթէ անոնք դէմ են այդ առաջարկին, ապա թող բացայայտ ըսեն, որ չեն ուզեր խաղաղութեան պայմանագիր կնքել Ատրպէյճանի հետ: Այս պարագային մենք մեր քաղաքականութիւնը պիտի վարենք ատոր համապատասխան: Եթէ Հայաստանը պատրաստ է ճանչնալու Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, որ կը ճանչնայ ամբողջ աշխարհը, ապա, բնականաբար, երկարաժամկէտ խաղաղութիւն կու գայ տարածաշրջան: Միեւնոյն ժամանակ, ատոր հասնելու համար սեղանին դրուած են յստակ առաջարկներ՝ ճանապարհներու բացում, Զանգեզուրի միջանցքի ստեղծում, բոլոր առեւտրային կապերու վերականգնում: Այսինքն՝ մեր շահերէն կը բխի երկար դադարէ ետք Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ապահովումը: Կը կարծեմ, որ սա նոյնպէս կը համապատասխանէ Հայաստանի շահերուն: Որովհետեւ Զանգեզուրի միջանցքը պիտի ծառայէ նաեւ անոնց շահերուն»,-ըսած է Ալիեւը:

Ան աւելցուցած  է, որ «Զանգեզուրի միջանցքը» պիտի դառնայ Թուրքիոյ հետ կապի երկրորդ ուղղութիւնը:

« «Միաժամանակ կը պահանջենք, որ «Հայաստանի վերահսկողութեան տակ գտնուող Արեւմտեան Զանգեզուրի» (չակերտները՝ Խմբ.) տարածքին մէջ ինքնաշարժ մեքենաներու ճանապարհ կառուցուի Մեղրիի շրջանին մէջ: Քանի որ այդ բացարձակ անհրաժեշտութիւն է: Ցաւօք, Հայաստանը դէմ է ատոր: Մինչեւ վերջին օրերը ան դէմ էր Զանգեզուրի միջանցքի բացման: Բայց քանի մը օր առաջ այնտեղ դրական կարծիք եղաւ, որ իրենք ալ դէմ չեն: Այնուամենայնիւ, Զանգեզուրի միջանցքը լիարժէք գործելու համար պէտք է ըլլայ ե՛ւ երկաթուղի, ե՛ւ ճանապարհ: Երբ մեքենայով կը նստինք Պաքու, մենք այնտեղէն կրնանք ապահով երթեւեկել Թուրքիա եւ Նախիջեւան»,-եզրափակած է Ատրպէյճանի նախագահը: