image

Մայր Աթոռի մէջ կատարուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակը

Մայր Աթոռի մէջ կատարուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակը

Փետրուարի14-ին Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ Տեառնընդառաջի տոնը, որ կը խորհրդանշէ 40-օրեայ մանուկ Յիսուսի ընծայումը տաճարին: 

Բերկառատ տօնի սկիզբը ազդարարուեցաւ Փետրուար 13-ի երեկոյեան: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ Սուրբ Գայիանէ վանքին մէջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութեան մասնակցութեամբ կատարուեցաւ Երեկոյեան ժամերգութիւն:

Յաւարտ ժամերգութեան, հանդիսապետութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարարապետ Գերաշնորհ Տ․ Մուշեղ եպիսկոպոս Պապայեանի, տեղի ունեցաւ նախատօնակ, ապա կատարուեցապ նաեւ տարուայ առաջին Անդաստանի արարողութիւնը, որու ընթացքին օրհնուեցան աշխարհի չորս կողմերը: 

Արարողութենէն յետոյ եկեղեցականաց թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Մայր Աթոռի միաբանական շէնքի շրջափակ, ուր, ներկայութեամբ բազում հաւատացեալ հայորդիներու, ձեռամբ Մուշեղ Սրբազանի վառեցաւ Տեառնընդառաջի խարոյկը, որու շուրջ համախմբուած Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի սաները հանդէս եկան հոգեւոր եւ ազգային երգերու կատարումներով:

Տեառնընդառաջի տոնը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ հռչակուած է որպէս նորապսակներու օրհնութեան օր: Այս կապակցութեամբ, Փետրուար 14-ին, եկեղեցիներուն մէջ մատուցուող Սուրբ Պատարագի աւարտին, կը կատարուի նորապսակ զոյգերու օրհնութեան կարգ: