image

Մայք Սարեան ընդ Էվէլինա Պօղոսեան ՝ ամուսնացեալք (Լուսանկար)

 Մայք Սարեան ընդ Էվէլինա Պօղոսեան ՝ ամուսնացեալք (Լուսանկար)

Միացեալ Նահանգներէն բարի լուր ստացանք։

 

 Օրերս  Սուրբ Խորանին դիմաց կանգնելով ամերիկահայ  մեր հայրենակիցներ՝ Մայք Սարեան ընդ  Էվէլինա Պօղոսեան կնքած են իրենց ամուսնութիւնը։ 

 Համայնքային գործիչներու, ազգականներու եւ բարեկամներու լայն շրջանակի մը ներկայութեամբ  անոնք ուխտած են միասին շարունակել  կեանքը եւ գալիք օրերը միասին կիսել ու ապրիլ։

 Նշենք, որ  Պսակադրութեան խորհուրդը տեղի ունեցած է  Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարէն ներս ի ներկայութիւն   համայնքի երկու առաջնորդներուն՝ Գերշ. Տ. Յովնան եւ Գերշ. Տ. Թորգոմ Սրբազաններուն, ինչպէս նաեւ  Թեմի նախկին Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մուշեղ արք.ին եւ Արցախի թեմի նախկին Առաջնորդ Գերշ. Տ. Պարգեւ արք.ին։

Սուրբ Պսակի խորհդակատարումէն ետք  հարսնեւորները միասնաբար եւ մեծ ուրախութեան մէջ նշած են այս գեղեցիկ առիթը բարին եւ լաւագոյնը մաղթելով նորապսակ ամոլին։

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ արմատներով լիբանանահայ Մայք Սարեան ծանօթ անուն է   ոչ միայն ամերիկահայ շրջանակներուն, այլ նաեւ Հայաստանի, Արցախի եւ Լիբանանի հայութեան համար։ 

  Իր ասպարէզին մէջ բարձր նուաճումներու  հասած Սարեան  միշտ ալ իր ուշադրութեան կեդրոն դարձուցած է   հայութիւնը եւ առանց խտիր դնելու մեր ազգային, եկեղեցական կամ գաղափարական   հատուածներուն մէջ իր արժանի  եւ շօշափելի նեցուկը ցոյց տուած ամենատարբեր միութիւններուն եւ հիմնարկներուն։

 

  Լուրը՝  «Արեւելք»ի