image

Մայիսին պահեստայիններու զօրավարժութիւններ պիտի ըլլան

Մայիսին պահեստայիններու զօրավարժութիւններ պիտի ըլլան

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հանրային քննարկման ներկայացուցած է «Վարժական հաւաքներ յայտարարելու եւ անոր ապահովման համար ռազմափոխադրային պարտականութիւն ունեցող մարմիններու փոխադրային միջոցները ներգրաւելու մասին» կառավարութեան որոշման նախագիծը։

Այս մասին կը տեղեկացնեն Իրաւական ակտերու նախագիծերու հրապարակման միասնական կայքէն։

Գործադիրը կը նախատեսուի 2023 թուականի 1 մայիսէն մինչեւ 7 յուլիս-ը կատարել պահեստազօրայիններու վարժական հաւաքներ եւ ռազմափոխադրային պարտականութիւններ ունեցող մարմիններէն ներգրաւել փոխադրային միջոցներ։

«Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ անհրաժեշտութիւն է զինուած ուժերում ունենալ մարտունակ ստորաբաժանումներ` համալրուած բարձր մասնագիտական պատրաստուածութեամբ եւ ռազմաուսուցուած պահեստազօրայիններով, ինչպէս նաեւ տրանսպորտային (փոխադրային) միջոցներով, նպատակայարմար է պահեստազօրայիններին վարժական հաւաքների ընդգրկումը` ներգրաւելով մարտական հերթապահութեան, իսկ վարժական հաւաքների ապահովման համար՝ ռազմատրանսպորտային պարտականութիւններ ունեցող մարմիններից տրանսպորտային միջոցների ներգրաւումը»,-նշուած է նախագիծի հիմնաւորման մէջ: 

Նշուած է, որ այս նպատակով Զինուած ուժերու զօրամասերուն մէջ կ'իրականացուին պահեստազօրայիններու ռազմական հմտութիւններու  կատարելագործման, վերապատրաստման եւ պատրաստման վարժական հաւաքներ ու զօրքերն աստիճանաբար կը համալրուին աւելի պատրաստուած եւ անհրաժեշտ  զինուորական հաշուառման մասնագիտութիւն ունեցող պահեստազօրայիններով: