image

Մասք թողարկած է Wikipedia-ի իր տարբերակը՝ Grokipedia անուանմամբ

Մասք թողարկած է  Wikipedia-ի իր տարբերակը՝ Grokipedia անուանմամբ

Իլոն Մասք թողարկած է Grokipedia անունով առցանց հանրագիտարանի իր սեփական տարբերակը, հաղորդած է The Washington Post-ը։

Ըստ թերթի՝ Grokipedia-ն, որ պէտք է ըլլայ Ուիքիփետիայի այլընտրանքը, գործարկուած է հոկտեմբեր 27-ին։ Այն ներկայիս կը պարունակէ արհեստական ​​բանականութեան միջոցով գրուած աւելի քան 800,000 գրառում։ Ուիքիփետիան ունի մօտ 8 միլիոն յօդուած։ Նոր առցանց հանրագիտարանի անուանումը կը պարունակէ Մասքի xAI ընկերութեան կողմէ մշակուած Grok արհեստական ​​բանականութեան անուանումը։

2025 թուականի սեպտեմբերին X-ի ձեռնարկատէրը յայտարարած է, որ Grokipedia-ն Ուիքիփետիայի աւելի կատարելագործուած տարբերակն է, իսկ հոկտեմբերին, յայտարարելով իր առցանց հանրագիտարանի թողարկման մասին, ան ընդգծած է քարոզչութիւնը վերացնելու ուղղութեամբ աշխատելու անհրաժեշտութիւնը։

Մասքը նախապէս կոչ ըրած էր դադրեցնելու Ուիքիփետիա առցանց հանրագիտարանին ֆինանսական նուիրատւութիւնները՝ ատոր խմբագրական քաղաքականութեան պատճառով։