image

Մարզպետ Մարկոսեանի մահը

   Մարզպետ Մարկոսեանի   մահը

 Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքած է  Ամերիկայի Արեւմտեան  ափի  ազգային-կուսակցական գործիչներէն՝  Մարզպետ Մարկոսեանը։

 

 Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ   Լոս Անճելըս   լոյս տեսնող՝ «Ասպարէզ»էն։

 

Ստորեւ ներկայացուած ամփոփ  մահագրականը։

 

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն կը գուժէ մահը իր կառոյցի վեթերան անդամներէն՝ երկար տարիներու դաստիարակ եւ գործիչին՝ դոկտ. Մարզպետ Մարկոսեանի, որ ծառայեց իբրեւ տնօրէն Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Ազգային վարժարանին՝ 1997էն 2001: Ան գործօն անդամ էր ՀՅԴ Հիւսիսային Սան Ֆերնանտօ հովիտի «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէութեան: Դոկտ. Մարզպետ Մարկոսեան իր մահկանացուն կնքեց Շաբաթ, 12 Նոյեմբերին, Լոս Անճելըսի մէջ: