image

Մարտակերտը լրիւ դատարկուած. Քաղաքապետ

Մարտակերտը լրիւ դատարկուած. Քաղաքապետ

Մարտակերտն «ամբողջութեամբ յանձնուած է, դատարկ է»։ Այդ մասին «Ազատութեան» տեղեկացուցած է Մարտակերտի քաղաքապետ Միշա Գիւրջեանը։

Ան աւելցուցած է, որ վերջին բնակիչներն այնտեղէն դուրս եկած են 24 սեպտեմբերին, շուրջ 1000 մեքենայով, եւ երեկոյեան հասած են Ստեփանակերտ։ Գիւրջեանը եղած է շարասիւնը վերջաւորութեան։

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներն արդէն 24 սեպտեմբերի երեկոյեան նկարներ հրապարակած էին, թէ ինչպէս ատրպէյճանցի զինծառայողները Մարտակերտ քաղաքի ցուցանակի վրայ կ'ամրացնեն Ատրպէյճանի դրօշը։