Մաքրոն Արցախցիներու խնդրով դիմած է Ալիեւին

Մաքրոն Արցախցիներու խնդրով դիմած է Ալիեւին

Ֆրանսական կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է Մաքրոն-Ալիեւ հեռախօսազրոյց, որու ընթացքին Ֆրանսայի նախագահը խնդրած է Ատրպէյճանէն երաշխաւորել Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներու անվտանգութիւնը, յայտնած է BFMTV-ն։

Աղբիւրի հաղորդմամբ՝ Էմանուէլ Մաքրոնը խնդրած է Ալիեւէն տալ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան երաշխիքներ։

Բացի այդ, ան նաեւ դատապարտած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններու՝ ուժի կիրառման որոշումը, որ կրնար «սպառնալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ճգնաժամի խորացմամբ եւ վտանգի տակ դնել արդար ու կայուն խաղաղութեան հասնելու շարունակական ջանքերը»։