ՄԱԿ-ը պիտի հետեւի Թեհրանի մէջ կայանալիք գագաթնաժողովին՝ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսիի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի մասնակցութեամբ։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին կը տեղեկացնէ «ՌԻԱ Նովոստի»-ն՝ յղում կատարելով ՄԱԿ գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնական ներկայացուցչի տեղակալ Ֆարհան Հաքին:
«Մենք պիտի հետեւինք այդ հանդիպման եւ կը տեսնենք, թէ ինչպիսին կ'ըլլան արդիւնքները»,-ըսած է ան:
Պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօք այս գագաթնաժողովին կ'ակնկալուի որեւէ առաջընթաց համաշխարհային շուկայ Ուքրանիայէն եւ Ռուսիայէն հացահատիկի, ինչպէս նաեւ Ռուսիայէն պարարտանիւթերու վերադարձի հարցով, Հաքն ըսած է. «Մենք ակնկալիքներ չունինք այդ հանդիպումէն գործընթացի հետ կապուած։ Սա առանձին հարց է»:
Միեւնոյն ժամանակ, Հաք նշած է, որ ՄԱԿ-ը կ'ողջունէ հացահատիկի արտահանման հարցով քննարկման հիմնական մասնակիցներու միջեւ որեւէ համակարգում։